ՊՐԻՒՔՍԷԼ.- Եւրոպական Միութիւնը ողջունեց Ատրպէյճանի կողմէ Նոյեմբերին գերի բռնուած 5 հայ զինուորներուն ազատ արձակումը։
«Եւրոպական Միութիւնը կոչ կ՛ընէ՝ անյապաղ ազատ արձակելու կալանքի տակ մնացող 57 անձերը։ Ասիկա պիտի նպաստէ երկու երկիրներուն միջեւ վստահութեան ամրապնդման, որ կարեւոր է տարածաշրջանին մէջ կայուն խաղաղութեան համար», ըսաւ Եւրոպական Միութեան արտաքին յարաբերութիւններու ծառայութեան խօսնակ Փիթըր Սթանօ: