ՄՈՍԿՈՒԱ, ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Սփութնիք», «Էյ.Փի.»․- Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին հեռաձայնային զրոյց մը ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի հետ, հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ Քրեմլինի մամլոյ ծառայութիւնը:
«Փութին նշեց, որ Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու յարաբերութիւններու կարգաւորումը պիտի համապատասխանէ երկու երկիրներու եւ ամբողջ միջազգային ընտանիքի շահերուն` նկատի ունենալով աշխարհի տարածքին ապահովութեան եւ կայունութեան պահպանման նկատմամբ իրենց երկիրներու յատուկ պատասխանատուութիւնը», կ՛ըսուի վերոնշեալ հաղորդագրութեան մէջ:
Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու ղեկավարները համաձայնեցան երկարաձգել Ռազմավարական յարձակողական սպառազինութիւններու կրճատման վերաբերող համաձայնագիրը:
Քննարկուեցան «Քորոնա» ժահրի համաճարակին դէմ պայքարին, ինչպէս նաեւ այլ ոլորտներու մէջ համագործակցութեան կարելիութիւնները եւ երկկողմանի ու միջազգային օրակարգի հրատապ հարցեր:
«Մոսկուա հեռաձայնային հաղորդակցութեան հարցով մեզի դիմած էր անցեալ շաբաթ: Պայտըն համաձայնեցաւ, սակայն ուզեց նախ անոր պատրաստուիլ իր վարչակազմին հետ եւ խօսեցաւ եւրոպացի դաշնակիցներուն հետ, ներառեալ՝ ՆԱԹՕի, Բրիտանիոյ, Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ ղեկավարները», յայտնեց Սպիտակ տան աղբիւր մը:
Ըստ նոյն աղբիւրին՝ Պայտըն նաեւ արծարծեց ամերիկեան գերատեսչութիւններու նկատմամբ Ռուսիոյ վերագրուող համացանցային յարձակումներու, Աֆղանիստանի մէջ ամերիկացիներու սպանութիւններուն, 2020ի ամերիկեան ընտրութիւններուն միջամտութեան, ընդդիմադիր Ալեքսէյ Նաւալնիի ենթադրեալ թունաւորման եւ ձերբակալութեան վերաբերող հարցերը: