ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ
«Երնէկ, թէ այս Նոր Տարին,
Վերջ տայ հայի ցաւերին,
Չարը կորչեր ու բարին,
Բոյն դնէ մեր սրտերին»։
Ռաֆայէլ Պատկանեան
Իրաքահայերու Հայ Ընտանեկան շաբաթօրեայ վարժարանի 42րդ Ամանորեան հանդէսը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 9 Յունուարին։
Այս հանդէսը նախատեսուած էր կատարել Շաբաթ, 19 Դեկտեմբեր 2020ին, բայց Հայաստանի մէջ 19-22 Դեկտեմբերի օրերը սգոյ օրեր հռչակուած ըլլալնուն համար, վարժարանի վարչութիւնը եւ տնօրէնութիւնը հանդէսը յետաձգեցին եւ յայտագիրէն հանեցին երգի, պարի եւ ուրախ ելոյթներու բաժինները։
Պսակաձեւ ժահրին պատճառաւ, անցեալ Մարտէն սկսեալ վարժարանի տնօրէնութիւնը եւ ուսուցչական կազմը առցանց կը կազմակերպեն դասերը։ Նոյնիսկ ամրան շրջանին, մեր կամաւոր թանկագին ուսուցչուհիները ամբողջ երեք ամիսներ շարունակեցին դասերը, մեր աշակերտներուն արդիւնաւոր օրեր պարգեւելով։
9 Յունուարի առաւօտեան, վարժարանի ժրաջան տնօրէնուհի Անահիտ Թովմասեան-Խաչատրեան խիստ տպաւորիչ եւ բովանդակալից բացման խօսքով ողջունեց հանդէսին առցանց հետեւող շուրջ 300 դիտողները։ Ան շնորհաւորեց բոլորին Նոր տարին, ապա ընթացք տուաւ հանդէսին։ Մեր աշակերտները այդ օր առաւել քան 30 կտորներէ բաղկացած հոյակապ ելոյթներ ունեցան։
Արդարեւ, խօսք եւ բառ չունինք ներկայացնելու մեր ուսուցչուհիներուն սքանչելի աշխատանքին արդիւնքը եղող այդ հանդէսը դիտելով։
Մեր փոքրիկները իրենց ուսուցչուհիներուն հսկողութեամբ եւ ելոյթներով ներկայացուցին Յիսուսի հրաշափառ ծնունդը Բեթղեհէմի մսուրին մէջ, մոգերուն այցելութիւնը նորածին Յիսուսին․ երկինքը դողդղաց՝ երբ հրեշտակները գեղաձայն կ՛երգէին «Փառք ի բարձրեալ Աստուծոյ եւ երկիր խաղաղութիւնը ի մարդիկ հաճութիւնը»։ Աշակերտները խորապէս յուզեցին դպրոցի ծնողները եւ բարեկամները։
Աշակերտներ իրենց մանկական բարի եւ սրտագին մաղթանքներով եւ արտասանութիւններով շնորհաւորեցին իրենց ծնողները եւ ամբողջ հայութեան Նոր տարին։
Ձեռնարկին ներկայ էին Իրաքահայերու Միութեան ատենապետուհի տոքթ. Մարալ Անճարկօլեան եւ դպրոցի հոգաբարձութեան ատենապետը՝ Խաչիկ Ճանոյեան, որոնք սրտի խօսքերով ելոյթ ունեցան եւ շնորհաւորեցին ծնողներուն, աշակերտներուն եւ ուսուցչուհիներուն Նոր տարի եւ Ս. Ծնունդը։ Ճանոյեան գնահատեց դպրոցին կամաւոր ուսուցչուհիները, որոնք իրենց տուները, հանգիստը եւ առօրեայ գործերը ձգած՝ այս սուրբ եւ պատուական գործին լծուած են։
Դպրոցին ուսուցչուհիներն են՝ Մարիէթա Անասեան, Մարօ Թութէլեան, Մարիամ Պապայեան, Տաթեւ Կարապետեան եւ Տաթեւ Օհաննէսեան։ Ամէն ուսուցչուհի դասարանին մէջ ունի մէկ երկու օգնական, որոնց նաեւ շնորհաւորական խօսք ունէինք։
Ջերմօրէն կը շնորհաւորենք Իրաքահայերու միութեան ղեկավարները, որ 42 տարիէ ի վեր կը պահեն այս անվճար վարժարանը։
Գնահատանքի ջերմ խօսք ունինք մեր թանկագին կամաւոր ուսուցչուհիներուն գլխաւորութեամբ համակ նուիրում՝ օրինակելի տնօրէնուհիին։
Բոլորին կը մաղթենք բարեբեր եւ օրհնաբեր տարի մը։