Իրան Պատրաստ Է Վերադառնալու Միւսներէն «Մէկ Ժամ Ետք». Ռոհանի
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ռոյթըրզ»․- Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն Իրանին կոչ ուղղեց` Ուաշինկթընէն առաջ վերստանձնելու հիւլէական համաձայնագիրի պարտաւորութիւնները:
Պլինքըն յայտնեց, որ այդ պարագային, նախագահ Ճօ Պայտըն եւս ամբողջովին պիտի վերականգնէ ծրագիրին հիմամբ իր ստանձնած յանձնառութիւնները:
«Միշտ ըսած ենք` վերադարձէք ձեր պարտաւորութիւններուն, արդէն մէկ ժամ ետք մենք պիտի վերադառնանք մեր բոլոր պարտաւորութիւններուն», իր կարգին յայտնեց Իրանի նախագահ Հասան Ռոհանի։
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամմետ Ճաւատ Զարիֆ աւելցուց, թէ Պլինքըն պէտք է գիտնայ, թէ Ուաշինկթընն էր, որ հիւլէական համաձայնութիւնը ոտնահարեց: «Ուաշինկթընի`հիւլէական համաձայնութիւնը խախտելը եւ իրանցիներուն դէմ տնտեսական ահաբեկչութիւնը, զայն կը ստիպեն առաջին քայլը կատարելու», ըսաւ ան:
Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութիւնը`Փենթակոնը, յայտնեց հետեւեալը. «Վերատեսութեան կ՛ենթարկուին շարք մը որոշումներ, զորս տուած էր նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփ, մասնաւորաբար Աֆղանիստանէն ամերիկեան ուժերու հեռացումը եւ Գերմանիոյ մէջ զինուորական ռազմակայաններուն փակումը»: