ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- 26 Յունուարին, Արարատի Մշակոյթի կեդրոնի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ Վազգէն Մանուկեանի եւ «Հայրենիքի փրկութեան շարժում»ի ներկայացուցիչներու հանդիպումը արարատցիներուն հետ:
Իր արտասանած խօսքին մէջ Մանուկեան ըսաւ, որ այսպիսի վտանգաւոր իրավիճակի մէջ չենք եղած վերջին 100 տարիներուն ընթացքին՝ դիտել տալով, որ բոլորը չեն, որ կը պատկերացնեն, թէ ի՛նչ վիճակի մէջ ենք ներկայիս։
Ան նշեց, որ պատերազմ եղաւ, բայց մենք պատերազմ տեսած ենք 90ականներուն, պատերազմին կը մասնակցէր ամբողջ ժողովուրդը եւ ժողովուրդը գիտէ, թէ` ի՛նչ կը կատարուի ռազմաճակատին վրայ, իսկ աւարտին փայլուն յաղթանակ ունեցանք: «Այս պատերազմն այդպիսին չէր. Ադրբեջանը պատրաստւում էր յաղթելու, մենք պատրաստւում էինք պարտուելու, ինչու եմ ասում` մենք գնում էինք պարտութեան, 2018 թուից սկսեց ջարդը բանակի, կոռուպցիայի անուան տակ սկսեցին տարբեր գեներալների ձերբակալել, քրէական գործեր յարուցել, կոտրեցին ամբողջ Արցախի ղեկավարութիւնը, դուրս մղեցին գեներալներին եւ բանակի ներսում արդէն անվստահութիւն եղաւ», յայտարարեց ան:
Յաջորդ քայլը պարտութեան տանելու, ըստ Վազգէն Մանուկեանի, բանակի արդիականացումն էր, զէնքերու հարցը: Բացի այդ, ան նշեց, որ կ՛ընթանային գաղտնի բանակցութիւններ, որոնց պատճառով ոչ թէ պարտուեցաւ Շուշին, այլ Շուշին յանձնեցին թշնամիին:
«Սա դիտաւորեալ պարտուած պատերազմ էր, իսկ դիտաւորութեան պատճառն Ացախից ազատուելն էր: Այն, որ Նիկոլն ասում է` ինքը կանգնացրեց պատերազմը սուտ է ասում, իրեն Ռուսաստանը պարտադրեց, որովհետեւ եթէ մենք ամբողջութեամբ կորցնէինք Արցախը, Ռուսաստանն այստեղ անելիք չէր ունենայ, խաղաղապահ զօրք իրաւունք չէր ունենայ այստեղ դնելու եւ կորցնելու էր Անդրկովկասը: Ռուսաստանի շահը պարտադրեց, որ Նիկոլը ստորագրի այդ փաստաթուղթը ու կանգնեցնի պատերազմը, այն ինչ դա կարելի էր անել շաբաթներ, օրէր առաջ», ըսաւ Վազգէն Մանուկեան։