ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Ազգային ժողովի Արտաքին յարաբերութիւններու մնայուն յանձնաժողովի նախագահ, Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովին մէջ (ԵԽԽՎ) Հայաստանի պատուիրակութեան ղեկավար Ռուբէն Ռուբինեան 26 Յունուարին Սթրազպուրկի մէջ հանդիպումներ ունեցաւ Եւրոպայի խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Մարիա Փէյչինովիչ-Պուրիչի եւ ԵԽԽՎի նախագահ Ռիք Տայմզի հետ:
Երկու պաշտօնատարները հաստատեցին, որ Ատրպէյճանի մէջ հայ ռազմագերիներու եւ այլ պահուող անձերու ճակատագիրներու հարցը, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի մէջ հայատեացութեան դրսեւորումները պիտի շարունակեն մնալ իրենց ուշադրութեան առարկայ:
Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ ԵԽ եւ ԵԽԽՎ ներկայացուցիչներուն՝ Արցախ այցելութեան: