ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ապառաժ».- 25 Յունուարին, Արցախի 2021ի պիւտճէի նախագիծի քննարկման ծիրին մէջ, Արցախի Ազգային ժողովի «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան» խմբակցութիւնը հանդիպում ունեցաւ Արցախի պետական եւ ելեւմուտքի նախարար Գրիգորի Մարտիրոսեանի հետ:
Գրիգորի Մարտիրոսեան խմբակցութեան առաջարկով ներկայացուց նախատեսուող ընկերային ծրագիրները:
ՀՅԴ խմբակցութեան անդամները առաջարկեցին կատարել Ատրպէյճանի սանձազերծած պատերազմին իբրեւ արդիւնք արձանագրուած նիւթական վնասներու հաշուարկը` փոխհատուցման հարցը բարձրացնելու համար:
Արցախի պետական նախարարը նշեց, որ պէտք է ստեղծուի համապատասխան յանձնաժողով մը, իսկ կորսուած գոյքի ընդհանուր ցանկերը կան արդէն:
Խմբակցութեան ղեկավարը՝ Արթուր Մոսիյեան, մտահոգութիւն յայտնեց, որ ներկայացուած նախագիծը չ՛արտացոլացներ ներկայ մարտահրաւէրները եւ անոնց լուծման ուղիները: «Հաշուի առնելով յետ-պատերազմեան իրավիճակը, լրիւութեամբ այլ բիւջէ եմ պատկերացրել: Սակայն նախագծում բացակայում են յատուկ թիրախային ծրագրեր` յատկապէս ռազմավարական կարեւոր նշանակութիւն ունեցող տարածքների համար: Սա յետ-պատերազմեան բիւջէ չէ», շեշտեց Արթուր Մոսիյեան:
Գրիգորի Մարտիրոսեան առաջարկեց պիւտճէն միասնաբար դարձնել յետ-պատերազմեան:
Պատգամաւոր Դաւիթ Իշխանեանի հարցումներէն մէկը կը վերաբերէր Հայաստանի հետ համարկումին, որ վերջին 30 տարիներուն մեր ընդհանուր քաղաքականութիւնն էր, բայց որ չ՛արտացոլար պիւտճէի նախագիծին մէջ:
Ըստ պետական նախարարին՝ համարկումը ինքնըստինքեան պիտի ըլլայ: Ըստ անոր՝ նախապէս չէ պատահած, որ Հայաստան ուղղակիօրէն ծրագիր իրականացնէ Արցախի մէջ, իսկ հիմա՝ կայ:
ՀՅԴ խմբակցութեան անդամները բարձրացուցին նաեւ ընկերային ծրագիրներու ուղղուածութեան, բնակչութեան հոգեբանական աջակցութիւն տրամադրելու, նախագծանախահաշուարկային փաստաթուղթերու արդիւնաւէտութեան եւ կրթութեան ոլորտի ֆինանսաւորման վերաբերող հարցեր: