ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ համայնքի երկար տարիներու բարերարներէն տէր եւ տիկին Սարգիս եւ Նունէ Սեփեթճեանները եւ անոնց ընտանիքը 50,000 տոլար նուիրեցին կազմակերպութեան (ANCA-WR)՝ նպաստելու համար Հայկական Հարցի ջատագովման՝ անոր ջանքերուն։
«Մեզի համար բախտաւորութիւն է մաս կազմելը եւ նպաստելը այս կազմակերպութեան, որ նուիրուած է մեր սիրտին մօտիկ շարք մը նախաձեռնութիւններու», կը յայտնեն տէր եւ տիկին Սեփեթճեանները։
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Նորա Յովսէփեան շնորհակալութիւն յայտնեց այս առատաձեռն նուիրատուութեան համար, որ պիտի քաջալերէ Հայ Դատի յանձնախումբը, որպէսզի նոր թափով շարունակէ իր աշխատանքները, որոնք անընդհատ յառաջ տարուած էին հակառակ համաճարակին եւ Արցախի աղէտալի պատերազմին։
Նշենք, որ Սեփեթճեանները նեցուկ կանգնած են նաեւ շարք մը այլ կազմակերպութիւններու, ներառեալ՝ Հայ Մշակութային հիմնարկութեան, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմին, ազգային վարժարաններուն եւ «Ասպարէզ»ին։