ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Կիրակի, 24 Յունուարին, «Հայրենիքի փրկութեան շարժում»ին նախաձեռնութեամբ, Երեւանի զանազան հատուածներէ սկիզբ առաւ ինքնաշարժներով երթը, որ աւարտեցաւ Հանրապետութեան հրապարակին վրայ:
Ինքնաշարժներով երթին մասնակցողներուն պահանջը Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականն էր: Ճանապարհային ոստիկանութիւնը անհեթեթ պատճառաբանութիւններով կանգնեցուց կարգ մը ինքնաշարժներ` թոյլ չտալով անոնց մասնակցիլ երթին, ապա սկսան ինքնաշարժներու վարորդները տուգանքի ենթարկել:
Հանրապետութեան հրապարակին վրայ ոստիկանութիւնը խոչընդոտեց քաղաքացիներու նախաձեռնութիւնը: Ոստիկանները ձերբակալեցին «Հայրենիք» կուսակցութեան անդամ Բաբգէն Յարութիւնեանը: