ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Արցախի Շոշ գիւղի դպրոցը որոշ վերանորոգման աշխատանքներէ ետք բացաւ իր դռները 65 աշակերտներու դիմաց:
Տեղեկութիւնը փոխանցեցին Հայաստան Համահայկական հիմնադրամէն։
2004ին, Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի Թորոնթոյի մասնախիւղին աջակցութեամբ, Արցախի Շոշ գիւղին մէջ կառուցուեցաւ հանրակրթական դպրոց: Արցախի սրտին վրայ գտնուող Շոշ գիւղը, պատերազմին իբրեւ հետեւանք այժմ յայտնուած է սահմանամերձ գօտիի մէջ: Բնակիչներուն մեծ մասը զինադադարէն ետք գիւղ վերադարձած է, իսկ դպրոցը, դռներու, տանիքի, պատուհաններու եւ այլ վերանորոգման աշխատանքներէ ետք մէկ շաբաթ առաջ բացաւ իր դռները 65 աշակերտներու առջեւ: Ուրախալի լուրը այն է, որ դպրոց վերադարձան գրեթէ բոլոր աշակերտները։