ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ երեսփոխան Կարօ Փայլան «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ գրառում մը կատարած է պոլսահայ լրագրող, «Ակօս» ամսաթերթի գլխաւոր խմբագիր Հրանդ Տինքի սպանութեան 14րդ տարելիցին առիթով:
«14 տարի անցաւ Աղբարի՛կ… Շատ ջանք թափեցինք, սակայն չկրցանք պատասխանատուութեան ենթարկել անոնք, որոնք «սպաննե՛լ» ըսին: Այն խաւարը, որ քեզ խլեց մեզմէ կը շարունակէ ոճրագործել: Բայց մենք կը շարունակենք պայքարիլ` երազներդ իրականացնելու համար», գրած է Փայլան։