
ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան»․- Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով, պատասխանելով Արցախի կարգավիճակին վերաբերեալ հայկական լրատուամիջոցներու հարցումին՝ ըսաւ. «9 Նոյեմբերի յայտարարութիւնը սկսած է արդիւնաւէտ կերպով իրագործուիլ: Բացի գերիներու հարցէն, ամէն բան կ՛իրագործուի բաւական արդիւնաւէտ կերպով: Այժմ կ՛ընթանան խաղաղապահներու իրաւասութիւնները համաձայնեցնելու գործընթացը: Յայտարարութեան վերաբերեալ որեւէ յաւելուած չկայ: Կարգավիճակի հարցը աւելի դիւրութեամբ կը լուծուի, եթէ իրականացուին կողմերուն ստանձնած բոլոր յայտարարութիւնները եւ պարտաւորութիւնները, որոնք կը վերաբերին բոլոր ցեղային եւ կրօնական համայնքներու բարի դրացիական եւ համակեցութեան ապահովման:
Լեռնային Ղարաբաղը Ռուսիոյ կազմին մէջ ընդգրկելու գաղափարին մասին ըսեմ, որ անիկա չէ ընդունուած որեւէ կողմէ, ներառեալ՝ Հայաստանի: Մենք նման ծրագիր չունինք եւ կը կարծենք, որ կարգավիճակի հարցը պէտք է լուծուի Հայաստանի եւ Ատրպէճանի միջեւ»:
Լաւրով յայտնեց, թէ մինչ բոլոր ատրպէյճանցի գերիները վերադարձուած են, բոլոր հայ գերիներու վերադարձը տեղի չէ ունեցած։