ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ապառաժ».- ՀՅԴ Արցախի կառոյցը իր խոր վշտակցութիւնը յայտնեց ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի «Ապառաժ» պաշտօնաթերթի խմբագիր Արա Պուլուզեանի ընտանիքին, հարազատներուն եւ ընկերներուն` Արցախի Հանրապետութեան հարաւային ուղղութեամբ տեղի ունեցած ծանր մարտերուն ընթացքին Աւետիս Պուլուզեանի նահատակութեան առիթով։
«Նահատակների սխրանքն անմահ է, նրանց անունը` մեր սրտերում: Յաւերժ փառք հայրենիքի պաշտպանութեան սուրբ գործին իրենց կեանքը նուիրաբերած բոլոր հայորդիներին», կ՛ըսուի Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ցաւակցագիրին մէջ։