ԵՐԵՒԱՆ․- Սփիւռքի գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակը կը տեղեկացնէ, թէ հոլանտահայ Տաւրոս Ասլանեանի նախաձեռնութեամբ եւ Ամսթելվեն քաղաքի համալսարանի տնօրինութեան օգնութեամբ, Հայաստանի ու Արցախի դպրոցներուն աջակցելու նպատակով ձեռք բերուած է աւելի քան 1700 աշակերտներու համար դպրոցական գոյքեր եւ մօտաւորապէս 300 համակարգիչներ:
Նախաձեռնութեան միացած են նաեւ խումբ մը հոլանտացի երիտասարդներ, որոնք կրցած են գոյացնել գոյքերուն փոխադրութեան ծախսը: