ՅԱԿՈԲ ՃԷՔ ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
(Ծնեալ՝ 15 Նոյեմբեր 1934ին, Լաթաքիա, Սուրիա)
Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք մեր սիրեցեալ ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր եւ հարազատին՝ Յակոբ Ճէք Մահսէրէճեանի մահը, որ պատահեցաւ Չորեքշաբթի, 30 Դեկտեմբեր 2020ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի Հինգշաբթի, 21 Յունուար 2021ին, կէսօրէն ետք ժամը 12:30ին, Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ մէջ, 1614 N. Alexandria Ave, Hollywood, ապա թաղումը՝ ժամը 1:30ին, Hollywood Hills Forest Lawn գերեզմանատան մէջ։
«Քորոնա» ժահրի համաճարակին պարտադրած պայմաններուն պատճառով, ընտանիքը ցաւակցութիւնները պիտի ընդունի միայն յուղարկաւորութեան ընթացքին եւ/կամ text-ով ու email-ով։
Սգակիրներ՝
Այրին՝ Պերճուհի Մահսէրէճեան
Զաւակը՝ Պերճ եւ Կասիա Մահսէրէճեան եւ դուստրը՝ Կարին Մահսէրէճեան
Թոնի Ղանիմէ
Զաւակը՝ Հրաչ եւ Միրէյ Մահսէրէճեան եւ զաւակը՝ Ճէք Մահսէրէճեան
Զաւակը՝ Վաչէ Մահսէրէճեան
Զաւակը՝ Ռոլանս եւ Արմինէ Մահսէրէճեան եւ զաւակները՝ Մայքըլ եւ Սթելլա
Եւ համայն Մահսէրէճեան, Պոսնոյեան, Զամպաքճեան, Մարտիրոսեան, Ներսէսեան, Թութեան, Աշըքեան, Քէօշկերեան,Պալեան, Քութուճեան եւ Փաշայեան ընտանիքները, հարազատներն ու բարեկամները
Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութինները կը խնդրուի կատարել Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային վարժարանի «Յակոբ Ճէք Մահսէրէճեան» ֆոնտին (1615 N. Alexandria Ave., Los Angeles, CA 90027)։