ՌՈՒՍԻԱ ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐՈՒՆ ԱՋԱԿՑԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻՆ 10 ՄԻԼԻՈՆ ԵՈՒՐՕ ՆՈՒԻՐԱԾ Է
ՄՈՍԿՈՒԱ, «Թասս»․- Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով կ՛ակնկալէ, որ 2021ին նախկին Խորհրդային Միութեան տարածքին մէջ իրավիճակը ընդհանուր առմամբ կայուն ըլլայ: «Օրինակ` Ռուսիոյ հետեւողական ջանքերուն շնորհիւ, կարելի եղաւ զինադադարի հասնիլ ղարաբաղեան տագնապի գօտիին մէջ: Եռակողմ յայտարարութիւնը նախադրեալներ կը ստեղծէ Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ ճգնաժամի երկարաժամկէտ, ամբողջական ձեւաչափով յաղթահարելու համար` արդար հիմերով եւ հայ ու ատրպէյճանցի ժողովուրդի շահերէն մեկնելով», ըսաւ Լաւրով:
Պատասխանելով լրագրողի մը այն հարցումին, թէ արդեօք Լաւրով մտահոգութիւն չունի՞, որ ռուս խաղաղապահները յառաջիկայ տարուան մէջ կրնան յայտնուիլ կողմերուն միջեւ կրակոցի գիծին վրայ՝ ան ըսաւ. «Մենք կը մեկնինք Վլատիմիր Փութինի, Իլհամ Ալիեւի եւ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ ստորագրուած յայտարարութեան մէջ ճշդուած պարտաւորութիւններու անվերապահ կատարման անհրաժեշտութենէն: Այս իմաստով, մենք կը շարունակենք մեր միջնորդական համագործակցութիւնը Պաքուի եւ Երեւանի հետ: Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի գօտիին մէջ կացութիւնը կարգաւորուելու միտում ունի: Մենք գոհունակութեամբ կը նշենք Պաքուի եւ Երեւանի` իրենց պարտաւորութիւնները կատարելու, իրավիճակի ընդհանուր կայունացման ուղղութեամբ աշխատելու տրամադրուածութիւնը: Կողմերը համագործակցութեան բարձր մակարդակ կը ցուցաբերեն «տեղւոյն վրայ» ծագող հարցներու լուծման հարցին մէջ: Ռուսիա, իր կարգին, կը շարունակէ պատասխանատու կերպով եւ արդիւնաւէտօրէն կատարել զինադադարի դրութեան երաշխաւորի իր գործառոյթը: Տակաւին ռուս խաղաղապահներու նկատմամբ սադրիչ գործողութիւններ չեն արձանագրուած: Միակ նկատելի խախտումը 13 Դեկտեմբերին պատահեցաւ շփման գիծի այն հատուածին վրայ, ուր ռուս խաղաղապահները ներկայ չէին: Մեր խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատարութեան կողմէ ձեռնարկուած եռանդուն քայլերը ատրպէյճանցի եւ հայ գործընկերներուն հետ հաղորդակցութեան ընթացքին, օգնեցին խուսափելու միջադէպի սրումէն: Մենք պիտի շարունակենք գործադրել բոլոր ջանքերը` կանխարգիլելու զինադադարի խախտումները: Օրակարգի վրայ զինադադարի դրութեան խախտումներու կանխարգիլումն է, ինչպէս նաեւ տարածքը մաքրելը պայթուցիկ սարքերէ, պատերազմական գերիներու եւ մահացածներու մարմիններու փոխանակումը, գաղթականներու եւ ներքին տեղահանուածներու վերադարձի անվտանգութեան ապահովումը, մարդասիրական հրատապ հարցերու լուծումը, պատմական յուշարձաններու պահպանումը` անկախ անոնց պատկանելիութենէն, փոխադրամիջոցի եւ տնտեսական կապերու ապաշրջափակումը: Այս բոլոր ոլորտներուն մէջ կայ դրական միտում, սակայն կան նաեւ հարցեր, որոնք անխուսափելի են` նկատի ունենալով անսովոր իրավիճակը: Իսկ տակաւին չլուծուած քաղաքական հարցերու քննարկման վերաբերեալ, ես կրնամ վերահաստատել մեր պատրաստակամութիւնը թէ՛ մեր ազգային ծիրին մէջ, թէ՛ ալ ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի համանախագահներուն միջոցով աջակցելու նման հանդիպումներու կազմակերպման, անմիջապէս, որ կողմերը անոր պատրաստ ըլլան»:
Միւս կողմէ, ըստ Հայաստանի կառավարութեան պաշտօնական կայքին, Ռուսիա Հայաստանին տարածքին մէջ գտնուող արցախցի բռնի տեղահանուած բնակչութեան համար իրականացուող օժանդակութիւններուն աջակցելու նպատակով, Հայաստանին 10 միլիոն եուրօ գումար նուիրեց: