
Անցած տարին եղաւ տխրութեան եւ փորձութիւններու ժամանակաշրջան մը համայն մարդկութեան համար, իսկ հայ ազգին համար անիկա եղաւ արհաւիրքի եւ ծանրագոյն կորուստներու տարի մը։
Որքան ալ ծանր ըլլան դժուարութինները, որոք կը ցցուին մեր առջեւ՝ իբրեւ ազգ եւ կուսակցութիւն, հակառակ բոլոր այն մարտահրաւէրներուն, որոնք կը ծառանան մեր հայրենիքի եւ անոր ժողովուրդին դիմաց՝ իբրեւ Հայաստանի եւ հայութեան ծառայութեան եւ զինուորագրեալներու ընտանիք, Արեւմտեան Ամերիկայի Հ.Յ.Դ. շարքերը՝ իբրեւ անմիջական մասը աշխարհասփիւռ Դաշնակցական մեծ ընտանիքին, Նոր տարին կը դիմաւորենք վերանորոգ յանձնառութեամբ ու մեր բոլոր մարտահրաւէրները յաղթահարելու վճռականութեամբ։
Նոր տարուան սեմին, առաջին հերթին կը խոնարհինք մեր ազգի եւ հայրընիքի ծառայութեան ճամբուն վրայ ինկած բոլոր նուիրեալներու յիշատակին առջեւ եւ կը շնորհաւորենք Հայոց բանակի զինուորներուն, մեր զօրակիցներուն եւ համայն հայ ժողովուրդի Նոր տարին, մաղթելով առողջութիւն եւ աւելի պայծառ ապագայ։
Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէ