ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ
Նոյեմբերի նախագահական ընտրութիւններուն Դեմոկրատ կուսակցութեան թեկնածու Ճօ Պայտընէն աւելի քան 7 միլիոն քուէներու տարբերութեամբ պարտութիւն կրելէ ետք, նախագահ Տանըլտ Թրամփ իր պաշտօնավարութեան վերջին ամիսները նուիրած է երկիրը աւելիով դէպի քաոս մղելու եւ երկրին ժողովրդավարական հիմքերը խարխլելու միտող ջանքներուն։
Հակառակ անհերքելի փաստերուն, որ համոզիչ պարտութիւն կրած է՝ ան տասնեակներով անհիմն դատեր բացաւ տարբեր գաւառներու եւ նահանգներու, մինչեւ իսկ Գերագոյն ատեանին մօտ, փորձելով անվաւեր հռչակել աւելի քան 81 միլիոն քուէ ապահոված Պայտընի յաղթանակը։
Բարեբախտաբար, երկրին արդարադատութեան համակարգին ողնասիւնը բաւարար ամուր էր դէմ դնելու ընտրազանգուածին ձայնը լռութեան մատնելու այս անպատասխանատու քայլերուն, սակայն նման քայլեր կրնան անտեղի կերպով բռնարարքներու առջեւ դուռ բանալ։
Իշխանութեան վերջին շաբաթներուն, հաւանաբար Պայտընը «աւերակներու վրայ իշխել տալու» յոյսով, Թրամփ կը շարունակէ իր խանգարիչ արարքները։
Մէկ կողմէ, ան ազատ եւ անպարտ կ՛արձակէ 2016ի իր ընտրապայքարին վերաբերեալ ապահովական մարմիններուն սուտեր խօսելու եւ շարք մը զեղծարարութիւններու համար բանտարկութեան դատապատրուած եւ հետապնդուող իր գործակիցները, ինչպէս նաեւ իր փեսային զեղծարար հայրը ու Իրաքի մէջ անզէն քաղաքայիններ, նեռարեալ՝ երկու երեխաներ սպաննած ապահովական ընկերութեան մը չորս զինեալները, իսկ միւս կողմէ ան փորձեց ձախողութեան մատնել ամիսներու բանակցութիւններու իբրեւ արդիւնք՝ Քոնկրեսին մէջ գոյացած այն համաձայնութիւնը, որուն նպատակն է նպաստել համաճարակէն տուժած քաղաքայիններուն եւ գործարարներուն, ինչպէս նաեւ համաճարակին դէմ պայքարին։
Հետաքրքրական է, որ այս վերջինին համար Թրամփ կը փորձէր ներկայանալ իբրեւ առատաձեռն ղեկավար մը, որ աւելին կը փափաքի ընել իր ժողովուրին համար, սակայն իրականութիւնը այն է, որ իր առաջնորդած հանրապետականներն են, որոնք Յուլիսէն ի վեր դէմ կը դնեն ժողովուրդին աւելի առատաձեռնօրէն աջակցելու դեմոկրատներու ջանքերուն։
Կասկած չկայ, որ վերջին չորս տարիներուն, Թրամփի հրահանգները իբրեւ աստուածային պատգամ ընդունող Քոնկրեսի հանրապետականները պիտի անսային նախագահին փափաքին, եթէ այդ մէկը անկեղծ ըլլար։
Ինչպէս Թրամփի ընտրապայքարի պատասխանատու Փօլ Մենըֆորտին դատապարտումին առաջնորդած դատախազը կը յայտնէ՝ Թրամփ կը գործէ ոչ թէ ժողովուրդին շահերը պաշտպանող նախագահի մը նման, այլ իր ոճիրները ծածկողները վարձատրող մաֆիայի պետի մը պէս։
Աւելին կարելի չէ ակնկալել Թուրքիոյ, Ռուսիոյ, Հիւսիսայի Քորէայի եւ Սէուտական Արաբիոյ նման երկիրներու բռնատէրները իր սիրելի բարեկամները համարող գործարարէ մը, որ կը թուի որդեգրած ըլլալ Լուի 15րդին վերագրուող՝ «ինձմէ ետք՝ ջրհեղեղ»ի սկզբունքը։