ՊՈԼԻՍ.- Թրքական «Էն.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, թէ խումբ մը թուրք զինուորներ շաբաթավերջին մեկնեցան Ատրպէյճան: Ըստ կայանին տուեալներուն՝ Ատրպէյճան ուղարկուած են 25 զինուորներ, սակայն յառաջիկայ օրերուն անոնց թիւը պիտի հասնի 60ի:
Ռուսական «Կազեթա» կայքը իր կարգին կը տեղեկացնէ, որ թուրք զինուորները Յունուարէն սկսեալ պիտի ծառայեն Արցախի զինադադարի հսկողութեան կեդրոնին մէջ:
Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր Իկոր Քոնաշենքով յայտնեց, որ կեդրոնը պիտի տեղակայուի Ատրպէյճանի տարածքին մէջ եւ ռուսական ու թրքական անձնակազմի թիւը կեդրոնի կազմակերպչական կառուցուածքին մէջ հաւասար պիտի ըլլայ:
Միւս կողմէ, Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտնեց, թէ նախագահ Վլատիմիր Փութինի կողմէ Երեւանի եւ Պաքուի հետ բարեկամական յարաբերութիւններու պահպանումը օգնած է Արցախի հարցին մէջ խաղաղ համաձայնութեան հասնելուն: