ՊԸՐՊԵՆՔ․- Ինչպէս հաղորդած էինք, Կլենտէյլի Միացեալ կրթաշրջանի վարչութեան անդամ Կրեկ Գրիգորեանի նախաձեռնութեամբ եւ համագործակցութեամբ Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի մէջ գոծող շարք մը կազմակերպութիւններու՝ 11 Յունուարէն սկսեալ, վեցշաբաթեայ առցանց դասաւանդութիւններ տեղի պիտի ունենան՝ Արցախի պատերազմին պատճառով տեղահանուած եւ Հայաստան գտնուող աշակերտներուն համար։ «Հայ Հոփս» կոչուող ծրագիրը առիթ պիտի ընծայէ Միացեալ Նահանգներէն դասատուներու՝ հեռահաս դասաւադութիւններ կատարելու նշեալ աշակերտներուն համար։
18 Դեկտեմբերին տեղի ունեցաւ ծրագիրին ի նպաստ համացանցային դրամահաւաք մը, առաջնորդութեամբ՝ Կրեկ Գրիգորեանի եւ Կլենտէյլի Միացեալ կրթաշրջանի վարչութեան ատենապետ դոկտ․ Արմինա Կարապետեանի։ Անոր ընթացքին կարելի եղաւ գոյացնել մօտաւորապէս 60,000 տոլար։ Դրամահաւաքը կը շարունակուի եւ կազմակերպիչներուն նպատակն է գոկացնել 100,000 տոլարի գումար մը։
Դրամահաւաքին անձնապէս կամ առցանց մասնակցեցան շարք մը քաղաքական, համայնքային եւ կրթական մարզի ներկայացուցիչներ, իսկ անոր ընթացքին ելոյթներ ունեցան Արցախէն տեղահանուած, ինչպէս նաեւ Կլենտէյլի Միացեալ կրթաշրջանի աշակերտներ։
Առաջին դասաւանդութիւնը տեղի պիտի ունենայ Սիւնիքի մէջ եւ յատկացուած պիտի ըլլայ 6էն 12րդ դասարաններու աշակերտներուն, որոնք համաճարակին պարտադրած հեռաւորութիւն պահպանելու պայմանները յարգելով՝ պիտի հաւաքուին փոքր խումբերով, համակարգիչներով եւ անհրաժեշտ այլ արհեստագիտութիւններով օժտուած դասրաններու մէջ։ «Հայ Հոփս» կոչուող ծրագիրին մաս կը կազմեն ուսուցիչներ, դասախօսներ, կրթական եւ արհեստագիտութեան մարզերէն մասնագէտներ։
Ծրագիրին կամաւոր սպասարկութիւններ տրամադրել փափաքողները կրնան դիմել info@hyehopes.org հասցէին, իսկ յաւելալ տեղեկութիւններու համար այցելել https://hyehopes.org կայքը։