ԹԵՀՐԱՆ, «Մայատին».- Իրանի ուժանիւթի նախարարի միջազգային հարցերու օգնական Ամիր Հուսէյն Զամանինիա Հայաստանի ենթակառոյցներու նախարարի օգնական Յակոբ Վարդանեանի հետ քննարկեց կազի արտածման եւ կազը ելեկտրականութեամբ փոխանակելու պայմանագիրի երկարաձգման հարցը:
Զամանինիա հայկական պատուիրակութեան հետ հանդիպումէն ետք յայտնեց, որ կազի արտածման եւ կազը ելեկտրականութեամբ փոխանակելու վերաբերեալ թեքնիք հարցերու քննարկումը պիտի կատարուի մօտիկ ապագային` աւելցնելով, որ համաձայնութեան գոյացումէն ետք այդ ոլորտին մէջ երկարատեւ պայմանագիր պիտի կնքուի:
Վարդանեան յայտնեց, որ Հայաստան մէկուկէս տարիէ ի վեր կը քննարկէ Իրանէն բնական կազի ներածման եւ կազը ելեկտրականութեամբ փոխանակելու պայմանագիրի երկարաձգման հարցը, իսկ տեղի ունեցած բանակցութիւնները առաւել քան դրական էին:
Թեհրան եւ Երեւան 2004ին գոյացուցած էին կազը 20 տարի ելեկտրականութեամբ փոխանակելու համաձայնութիւն մը: