Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօներու սեմին, ՀՄԸՄը 7.5 թոն սննդեղէն, հագուստներ եւ դեղորայք բաժնեց լիբանանահայ ընկերային կարիքաւոր ընտանիքներու։ Օժանդակութիւնը տրամադրեց Փարիզի արուարձաններէն Իսի Լէ Մուլինոյի քաղաքապետութիւնը, Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին առիթով իր կատարած մարդասիրական օգնութեամբ։
Արդարեւ, քաղաքապետ Անտրէ Սանթինիի նախաձեռնութեամբ եւ փոխքաղաքապետ Արթիւր Խանճեանի գլխաւորութեամբ, Պէյրութի պայթումէն անմիջապէս ետք, Իսի Լէ Մուլինոյի մէջ ծայր տուաւ լիբանանցիներու օժանդակութեան ծրագիր մը, որուն մասնակցեցան քաղաքին բնակիչները, որոնց կարգին՝ ՀՄԸՄի Ֆրանսայի շրջանի անդամները։
Ծրագիրը նպատակադրեց օժանդակել պայթումէն ամէնէն աւելի վնասուած Պէյրութի մարոնիթ եւ հայ համայնքներուն։ Առ այդ, օժանդակութիւնները ուղղուեցան մարոնիներու Պէյրութի առաջնորդարանին եւ ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան ճամբով՝ ՀՄԸՄի Լիբանանի ընտանիքին։
Նախատեսուած օժանդակութիւնը Պէյրութի նաւահանգիստը հասաւ Նոյեմբերին։ Օժանդակութեան հետ եօթնօրեայ այցելութեամբ մը Պէյրութ այցելեց Իսի Լէ Մուլինոյի քաղաքապետին ներկայացուցիչը՝ փոխքաղաքապետ Արթիւր Խանճեան, որ այս առիթով, ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութենէն անդամներու ընկերակցութեամբ տեսակցութիւններ ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին, Հայ կաթողիկէ Գրիգոր-Պետրոս Ի. հոգեւոր տիրոջ, Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, Լիբանանի մօտ Ֆրանսայի եւ Հայաստանի դեսպաններուն, հայկական երեսփոխանական խմբակի եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունիի, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի, մարոնիներու Պէյրութի առաջնորդին, «Ազդակ», «Լօրիան Լը Ժուր» օրաթերթերու եւ «Վանայ Ձայն»ի տնօրէնութիւններուն հետ։ Ան նաեւ ընթրիքի հիւրը եղաւ ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան, որ այս առիթով երախտագիտութեան եւ շնորհակալութեան յուշանուէր մը յանձնեց Իսի Լէ Մուլինոյի քաղաքապետութեան։
Լիբանան հասած օժանդակութիւնը հանգրուանեց Էշրէֆիէի «Ազատամարտ» ակումբին մէջ, ուր ՀՄԸՄի Լիբանանի շրջանի սկաուտ խմբապետները քանի մը հանգրուանով տեսակաւորեցին եւ առանձին հակերու վերածեցին զանոնք։ Այնուհետեւ, հրաւիրուեցան գաղութին ազգային-բարեսիրական հաստատութիւններու ներկայացուցիչները, որոնք ստանձնեցին իրենց բաժինները եւ տօնական օրերու նախօրեակին բաժնեցին ընտանիքներուն։