ՓԱՐԻԶ, «Նոր Յառաջ»․- Figaro Magazineի փոխտնօրէն ԺանՔրիսթոֆ Պիւիսոն, որ պատերազմի օրերուն Արցախ գացած եւ ահնտեղէն թղթակցութիւններ կատարած էր, քննադատելով թրքաատրպէյճանական բարբարոսութիւնները՝ «Թուիթըր»ի վրայ գրած է, թէ թերթին 24 Դեկտեմբերի թիւին մէջ «համակարգեցի կողքով իսկ ներկայացուած թղթածրարը, նուիրուած է Օսմանեան կայսրութեան։ Իմ գրութեան մէջ կ՛անդրադառնամ Արցախին, որուն եկեղեցիներէն 125ը այսուհետեւ կը գտնուին ատրպէյճանական հակակշիռին տակ, ինչպէս նաեւ ապագայի նկատմամբ անորոշութեան մէջ գտնուող հայութեան ողբերգական վիճակին մասին։ Չմոռնա՛նք զանոնք»։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.