ՄՈՍԿՈՒԱ.- Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով յայտնեց, թէ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին ինչպէ՛ս արձագանգած է այն լուրին, ըստ որուն, Ռուսիոյ արտաքին հետախուզութեան ղեկավար Սերկէյ Նարիշքին իբրեւ թէ սերտ կապեր ունի ատրպէյճանական սփիւռքին հետ: Անոր համաձայն, այդ տեղեկութիւնը Փութինին չէ հետաքրքրած:
«Փրոյէքթ» նախագիծը նախապէս հրապարակած էր հետաքննութիւն մը, ըստ որուն, Նարիշքին արցախեան վերջին պատերազմին ընթացքին Մոսկուայի մէջ հանդիպած է Ատրպէյճանի առաջին փոխվարչապետ Եաղուպ Էյուպովի ընտանիքի անդամներէն մէկուն հետ:
Բացի այդ, Նարիշքին սերտ կապեր ունի Ատրպէյճան ծնած գործարար Կոտ Նիսանովի հետ եւ կ՛օգտուի անոր ունեցուածքէն, իսկ անոր դուստրը ընկերուհին է Ատրպէյճանի նախագահի դուստր Լէյլա Ալիեւայի:
«Ո՛չ, այս բանը չհետաքրքրեց նախագահին», ըսաւ Փեսքով՝ պատասխանելով լրագրողի մը հարցումին, թէ Փութինին հետաքրքրե՞ց այն, ինչը գրուած է Նարիշքինի եւ ատրպէյճանական Սփիւռքի կապերուն մասին: