ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի Շէնգաւիթ նստավայրին մօտ հաւաքուեցան Սիւնիքի մարզի բնակիչներ` ի պաշտպանութիւն Սիւնիքի մարզի Քաջարան համայնքի ղեկավար Մանուել Փարամազեանի եւ Գորիսի քաղաքապետ Առուշ Առուշանեանի:
Դատարանը կը քննէ անոնց նկատմամբ կալանքը իբրեւ խափանման միջոց ընտրելու հարցը: