ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, ՍԱՆ ՖՐԱՆՍԻՍՔՕ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, թէ մայրաքաղաքին մէջ գտնուող լրատուական իր կեդրոնը այսուհետեւ պիտի կոչուի հանգուցեալ Էլիզապէթ Լիլի Մանուկեանի անունով՝ ի յիշատակ Հայ Դատը եւ հայ ազգը ջատագովելու ու անոր երկար տարիներու նուիրումին:
Լիլի Մանուկեանի յիշատակը վառ պահելու նպատակով առնուած այս քայլին մասին արտայայտուելով, անոր քոյրը՝ Վերժին եւ Վերժինին ամուսինը՝ Էտուըրտ Մսըրլեան կը յիշեցնեն, թէ Լիլի Մանուկեան աշխարհի տարբեր անկիւններու եւ յատկապէս Միջին Արեւելքի մէջ Հայ Դատի պաշտպանութեան նուիրեալներէն մէկը եղած է:
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Րաֆֆի Համբարեան պատիւ համարեց այն իրողութիւնը, ու Մանուկեան իր յիշատակը վառ պահելու համար վստահած է Հայ Դատին, իր կարգին վստահեցնելով, որ Էլիզապէթ Լիլի Մանուկեանի անուան Հայ Դատի լրատուական կեդրոնը կենսական դերակատարութիւն պիտի ունենայ համայն հայութեան իրաւունքները պաշտպանելու եւ ջատագովելու բազմաբեւեռ աշխատանքին մէջ:
Էլիզապէթ Լիլի Մանուկեան ծնած եւ հասակ նետած է Հալէպի մէջ. ան յաճախած է Հայկազեան վարժարանը եւ «Ալեփփօ» քոլեճը, որմէ ետք դեղագործութեան մէջ մասնագիտացած է Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանին մէջ: Ան գործօն մասնակցութիւն բերած է Հայոց Ցեղասպանութեան յիսանեամին առիթով կազմակերպուած ձեռնարկներուն եւ Շաւարշ Թորիկեանի ու այլ մտաւորականներու կողքին առաջնորդող դեր ստանձնած է Հայ Համալսարանական ուսանողներու միութեան մէջ եւ հիմնադիր անդամներէն մէկը եղած է Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան՝ ՀԵՀՈՄին, 1963ին, ապագայ Գարեգին Բ. կաթողիկոսին աջակցելով:
Միացեալ Նահանգներ ներգաղթելով, ան Սան Ֆրանսիսքոյի շրջանը հաստատուած է, իբրեւ դեղագործական ուսումնասիրող աշխատելով Syntex, Roche եւ Corium ընկերութիւններուն մէջ: Ան Համազգայինի եւ Հայ Դատի գործօն անդամներէն մէկը եղած է եւ հիմնադիրներէն ու երկար տարիներու ատենապետը եղած է «Ծովածոցի Հայաստանի բարեկամները» կազմակրպութեան, բարեսիրական շարք մը կազմակերպութիւններու եւ հաստատութիւններու, ներառեալ՝ Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանին, առատաձեռնօրէն նեցուկ կանգնելու կողքին: