ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Երեքշաբթի, 22 Դեկտեմբերին, Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան ընդունեց շնորհաւորական այցելութիւնը Հիլտա Պաղտասարեանի, ընկերակցութեամբ իր զաւակներէն՝ Գեւիկ Պաղտասարանի (Ազգային վարչութեան անդամ): Տիկին Պաղտասարեան Ազգային առաջնորդարան այցելած էր իր զօրակցութիւնը յայտնելու առաջնորդ սրբազան հօր գործունէութեան եւ առաջնորդարանի ծրագիրներուն:
Հիլտա Պաղտասարեան, ի յիշատակ իր ամուսնոյն՝ Յակոբ Պաղտասարեանի եւ յանուն Պաղտասարեան ընտանիքին՝ տասը հազար տոլար նուիրեց Ազգային առաջնորդարանին՝ ի նպաստ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ մարդասիրական ծրագիրներու: