ՊԸՐՊԵՆՔ.- «Հայրենիքի փրկութեան շարժում»ին հարիւրաւոր համախոհներ, արձագանգելով շարժման առաջնորդներուն կոչին՝ 21 Դեկտեմբերին, Հայաստանի վարչապետին հրաժարականի պահանջով բողոքի ցոյց կատարեցին Պըրպենք քաղաքին մէջ:
Բանախօսները վրդովում յայտնեցին Արցախի 75 տոկոսին կորուստին, անյայտ կորսուած զինուորներու ճակատագիրին, Սիւնիքի տարածքներու կորուստին, Արցախի տեղահանուած ընտանիքներուն դիմաց ծառացած մարդկային ճգնաժամին եւ, ընդհանրապէս, Նիկոլ Փաշինեանի սուտով եւ խաբէութեամբ ղեկավարելու ոճին վերաբերեալ, որ վտանգեց պատերազմը, որ նաեւ կը շարունակուի մինչ օրս:
Ելոյթով հանդէս եկան Զարեհ Աճէմեան (ՀՅԴ Պրպենքի «Աղբալեան» կոմիտէ), Ռոբերտ Մարկարեան (քաղաքական վերլուծաբան), Լեւոն Պարոնեան (Արեւելեան հովիտի ՀՅԴ «Բաբգէն Սիւնի» կոմիտէ), Արթուր Սահակեան (պատկերասփիւռի յայտագիրներու արտադրող), Պետրոս Հաճեան (համայնքային գործիչ), Անի Ղազարեան (Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութիւն), Արմէն Շահբազեան («Զօրավիգ» ռազմահայրենասիրական միութիւն), Սահակ Միքայէլեան (համայնքային գործիչ), Շանթ Նաճարեան (ՀՅԴ Պըրպենքի «Աղբալեան» կոմիտէ):
Ըստ ցոյցին մասնակցողներուն՝ այս պարտութիւնը 2.5 տարի, քայլ առ քայլ նախաձեռնուած է: Անոնք նշեցին, թէ երկու հիմնական նպատակ ունին՝ Սփիւռքը միացնել «Հայրենիքի փրկութեան շարժումմ»ին եւ պայքարը շարունակել մինչեւ վարչապետ Փաշինեանի հրաժարականը:
Այս մասին տեսանիւթը կարելի է դիտել https://youtu.be/C0mRaysjKdY կայքէջին վրայ։