ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- 26-28 Նոյեմբերին իրականացաւ Հայ միջազգային բժշկական հիմնադրամին դէպի Հայաստան 20րդ առաքելութիւնը, առաջնորդութեամբ՝ Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի (UCLA) Բժշկական բաժանմունքի դասախօս, վիրաբոյժ ու Հայաստանի մէջ Հայ միջազգային բժշկական հիմնադրամի՝ լսողութեան գործողութիւններու ծրագիրի վարիչ տոքթ. Աքիրա Իշիյամայի, նոյն համալսարանի Բժշկական բաժանմունքի հիւանդապահներու միջազգային ծրագիրներու պատասխանատու եւ Հայ միջազգային բժշկական հիմնադրամի հիմնադիր Սալբի Ագարակեանի:
Կարելի եղաւ 13 մանուկներու եւ 20ամեայ վիրաւոր զինուորի մը վրայ յաջող վիրաբուժութիւններ իրականացնել, անոնց շնորհելով լսելու առիթը: Զինուորին տեսողութիւնը վերականգնելու համար եւս գործողութիւն կատարուեցաւ, մասնակցութեամբ մասնագէտ վիրաբուժներ՝ Արմինէ Ղարաքէշիշեանի, Լեւոն Մխիթարեանի, Արթուր Շուքուրեանի եւ Արմէն Յովհաննիսեանի:
2003ին հիմնուած Հայ միջազգային բժշկական հիմնադրամը 2004էն ի վեր, Հայաստանի մէջ առաւել քան 100 մանուկներու եւ չափահասներու շնորհած է լսելու պարգեւը: Այս նախաձեռնութիւնը մարզած է նաեւ հայ բժիշկներ, որպէսզի իրենք եւս կատարեն նման գործողութիւններ: