ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արցախփրէս»- Արցախի արտաքին գործոց նախարարութիւնը տեղեկացու, որ Ֆրանսայի Քլամար քաղաքը Արցախի տագնապի վերջնական լուծման եւ Արցախի ինքիշխանութեան ճանաչման վերաբերեալ բանաձեւ մը որդեգրած է:
«Բանաձեւին մէջ մասնաւորաբար նշուած է, որ Ֆրանսա, մեկնելով Հայաստանի հետ ունեցած իր պատմական բարեկամական կապերէն՝ պէտք է մեծ դեր խաղայ կայուն քաղաքական եւ խաղաղ լուծման հարցին մէջ: Ֆրանսա, իբրեւ մարդկային իրաւունքներու պաշտպան երկիր՝ պէտք է պաշտօնապէս ճանչնայ Արցախի Հանրապետութիւնը` յանուն ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքին», կը նշուի նախարարութեան յայտարարութեան մէջ: