ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան Շաբաթ, 19 Դեկտեմբերի երեկոյեան, Ազգային Միացեալ վարժարանին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի Երիտասարդական Միութեան (ԼԵՄ) եւ Զաւարեան Ուսանողական Միութեան (ԶՈՄ) անդամներուն հետ:
Հանդիպումին հիմնական նիւթն էր հայրենիքը՝ Հայաստանը եւ Արցախը, հրադադարի ազդանշանը տուած չարաբաստիկ յայտարարութենէն ետք տիրող ընդհանուր կացութիւնը եւ ապագայի ծրագիրները:
ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչին եւ դաշնակցական երիտասարդներուն ու ուսանողներուն միջեւ զրոյցը յանգեցաւ այն ըմբռնումին, որ որքա՛ն ալ դժուար ըլլան տիրող կացութիւնը եւ հայ ժողովուրդին դիմաց ծառացող մարտահրաւէրները, պայքարը պիտի շարունակուի հայութեան վերադարձնելու իր յոյսը, վերականգնելու ազգային արժանապատուութիւնը եւ անկոտրում կամքով շարունակելու Հայ Դատի հետապնդումը: