ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Միացեալ Նահանգներու տարածքին սկսած «Քորոնա» ժահրին դէմ պատուաստում ստացողներէն առաջինը հանդիսացաւ Փոքրիկ Հայաստանի «Քայզրր» հիւանդանոցի հիւանդապահներէն մէկը։
Առաջին առաքումներէն Լոս Անճելըս գաւառին բաժին ինկած են մօտաւորապէս 82,000 պատուաստներ, որոնք պէտք է պահուին խիստ ցուրտ պայմաններու մէջ։
Նշենք, որ «Ֆայզըր» եւ «Պայոնթեք» ընկերութիւններուն պատուաստները ձրիաբար կը տրամադրուին։
Միւս կողմէ, Լոս Անճելըս գաւառին տարածքին 7344 նոր վարակումներ եւ 8 նոր մահեր արձանագրուեցան Երկուշաբթի օր, վարակակիրներուն ընդհանուր թիւը հասցնելով 532,730ի, իսկ մահերունը՝ 8345ի։ Հիւանդանոցներու մէջ կը դարմանուին 4203 վարակակիրներ։