ԵՐԵՒԱՆ.- 5 եւ 6 Դեկտեմբերին տեղի ունեցաւ Եւրոպայի Երիտասարդ ընկերվարականներ կազմակերպութեան (Young European Socialists/YES) առցանց Ընդհանուր ժողովը:
ՀՅԴ Երիտասարդականի ջանքերով ընդունուեցաւ Ատրպէյճանը եւ Թուրքիան դատապարտող բանաձեւ մը, որուն մէջ կը դատապարտուի նաեւ եռակողմ յայտարարութիւնը, որ «Արցախի ժողովրդին իրաւունքները չ՛երաշխաւորեր, չ՛երաշխաւորեր գերիներու վերադարձի իրաւունքը, չ՛ապահովեր Արցախի Հանրապետութեան իրաւական կարգավիճակը եւ չ՛ապահովեր հակամարտութեան կայուն կարգաւորումը»։
Շեշտելով, որ Արցախի ժողովուրդը Ատրպէյճանի տիրապետութեան տակ չի կրնար ապրիլ եւ թէ Պաքու ի վիճակի չէ ապահովելու Արցախի բնակչութեան ապահովութիւնը ու ազատութիւնը, բանաձեւը շեշտեց․
«- YES-ը խստօրէն կը դատապարտէ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ յարձակումը Արցախի եւ Հայաստանի վրայ, որ հրահրուած չէր հայկական կողմէն, ինչպէս նաեւ զինուորներու, քաղաքացիներու եւ գերիներու հանդէպ իրականացուած պատերազմական յանցագործութիւնները:
«- YES-ը խստօրէն կը դատապարտէ Արցախի դէմ պատերազմին Թուրքիոյ միջամտութիւնը:
«- YES-ը խստօրէն կը դատապարտէ Թուրքիոյ կողմէ սուրիացի վարձկաններու օգտագործումը այս պատերազմին մէջ:
«- YES-ը կոչ կ՛ընէ Եւրոպական Միութեան՝ երաշխաւորելու Արցախի բնակչութեան ապահովութիւնը եւ տեղահանուած ընտանիքներուն ցուցաբերելու մարդասիրական օգնութիւն»: