ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր»․- 15 Դեկտեմբերին, «Հայրենիքի փրկութեան շարժում»ի վարչապետի թեկնածու Վազգէն Մանուկեան հանդիպումներ ունեցաւ երիտասարդութեան եւ մամլոյ ներկայացուցիչներուն հետ։
Երիտասարդներուն ուղղած իր խօսքին մէջ ան դիտել տուաւ, որ ներկայ կացութիւնը շատ աւելի սարսափելի է, քան կը թուի ըլլալ, որովհետեւ մենք ոչ միայն ունինք տարածքային եւ մարդկային կորուստներ, այլ նաեւ մենք կը կորսնցնենք վստահութիւնը երկրի ապագային նկատմամբ, մեր արժանապատուութեան զգացումը վիրաւորուած է, իսկ այս բոլորին մէջ թէեւ հարցական կը դառնայ, թէ արդեօք պիտի կարենա՞նք ոտքի կանգնիլ եւ ամէն ինչ վերակառուցել, սակայն Վազգէն Մանուկեան հաստատեց, որ ինք կը հաւատայ, որ կարելի պիտի ըլլայ։
Խօսելով ազատ պետութեան կարեւոր բաղադրիչին մասին` ան նշեց, որ կարեւոր բաղադրիչ է ժողովրդավարութիւնը, որպէսզի արդար ընտրութիւններու միջոցով ձեւաւորուի իշխանութիւն: «Ընտրութիւնների մեխանիզմը (կառուցակազմը-Խմբ.) փչացաւ, դարձաւ մի նոր բանաձեւ, երբ ընտրութիւնների միջոցով իշխանութիւնը վերարտադրում էր ինքն իրեն, եւ մենք դրանով ազատութեան կարեւոր բաղադրիչ կորցրինք: Այնուամենայնիւ, վերջին ընտրութիւնները մօտ էին ազատ ընտրութիւններին, լիարժէք չէր, բայց մօտ էր, որովհետեւ հասկանալի էր` ժողովուրդն իրեն ընտրելու է, եւ ամէն ինչը նորմալ էր: Հիմա պատկերացրէք, այն մարդը երկիր կորցնելուց յետոյ խայտառակ պարտութիւնից եւ հազարաւոր զոհեր տալուց յետոյ կառչած է աթոռին, դուք ի՞նչ էք կարծում, որ հիմա ընտրութիւն լինի, ի՞նչ կը կատարուի ․․․ հիմա եթէ ընտրութիւն կազմակերպուի, դրանք կը լինեն ամենասարսափելի ընտրութիւնները, որ մենք տեսել ենք», նշեց ան:
Ըստ Վազգէն Մանուկեանի` օրէնքները եւ դատական համակարգը միւս բաղադրիչն են. «Մեր օրէնքները շատ լաւն են, դատական համակարգը եւս տարեց տարի զարգանում էր, բայց Նիկոլ Փաշինեանի ժամանակ դատական համակարգը ջարդուեց, որ լիարժէք ծառայի միայն իրեն, մինչեւ այդ էլ լաւը չէր, բայց նա ցանկացաւ ամբողջութեամբ իր բուռը վերցնել, այսինքն` ամբողջութեան սահմանափակել»:
Ան ընդգծեց, որ պատերազմին պարտութիւն կրելէ ետք երկիրը չի կրնար դէպի յառաջ ընթանալ, եթէ նոյն առաջնորդը մնայ, այդ է պատճառը, որ իրենք կը պահանջեն Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը եւ կազմութիւնը մէկ տարուան ժամանակաւոր կառավարութեան: Վարչապետի թեկնածուն հաստատեց, որ անցումային կառավարութիւնը ամէն ինչ պիտի ընէ, որ հիմք դրուի ժողովրդավարութեան բաղադրիչ մասերուն՝ դիտել տալով, որ կա՛մ պիտի ընկճուինք, ըսենք՝ ոչնչացած ենք, կա՛մ այս պարտութեան վրայ պիտի կառուցենք մեր ապագայ յաղթանակը։
Հայաստանեան լրատուական կայքերուն խմբագիրներուն հետ քննարկման առանցքը հանդիսացան Հայաստանի մէջ ստեղծուած իրավիճակը, մասնաւորաբար այն հարցերը, որոնք կը վերաբերին պատերազմին, անոր հետեւանքներուն, երկրին մէջ ստեղծուած ներքաղաքական ճգնաժամին, շարժման հետագայ գործողութիւններուն եւ ծրագիրներուն:
Վազգէն Մանուկեան ներկայացուց իրավիճակին վերաբերեալ իր գնահատականները, խոր մտահոգութիւնները, հնարաւոր լուծումները եւ ժամանակաւոր կառավարութեան ձեւաւորման պարագային՝ յառաջիկայ կատարուելիքները:
Քննարկումին ընթացքին վարչապետի թեկնածուն շեշտուեց մասնաւորապէս բանակի վերազինման հրատապ անհրաժեշտութիւնը, ստորագրուած եռակողմանի փաստաթուղթի իրականացման գործընթացը յօգուտ հայկական կողմին իրագործելու հնարաւորութիւնները, Արցախեան հարցի բանակցային գործընթացը ԵԱՀԿի Մինսկի խումբի ձեւաչափով վերականգնելու անհրաժեշտութիւնը եւ հնարաւորութիւնները, Հայաստանի բնական դաշնակիցներուն հետ յարաբերութիւններու վերականգնումը ու վերաիմաստաւորումը, ակնկալուող ընկերային-տնտեսական ճգնաժամը յաղթահարելու ճանապարհները եւ այլ հարցեր:
Մանուկեան ընդգծեց, որ շարժման յաջողութեան պարագային, Հայաստանի մէջ պիտի սկսի զարգացման նոր փուլ մը, որ պիտի չկրկնէ անկախութենէն ի վեր Հայաստանի նախորդ փուլերուն արձանագրուած սխալները:
Լրատուական կայքերու խմբագիրները իրենց կարգին լուրջ մտահոգութիւն յայտնեցին ստեղծուած իրավիճակին վերաբերեալ, բարձրացուցին զիրենք յուզող հարցերը՝ ներքաղաքական, անվտանգութեան, հասարակութեան բարոյահոգեբանական հարցերուն վերաբերեալ, ներկայացուցին առաջարկներ, որոնք կրնար օգտակար ըլլալ ճգնաժամի հանգուցալուծման: