ՊԷՅՐՈՒԹ․- ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի մարմինը 14 Դեկտեմբերին ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի անդամ երկիրներու Լիբանանի մօտ դեսպաններուն եւ Լիբանանի մօտ Եւրոպական Միութեան դեսպանին յղեց նամակ մը, որուն մէջ կը դատապարտէ 27 Սեպտեմբերին Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի խաղաղ բնակչութեան վրայ Թուրքիոյ եւ Լիպիայէն ու Սուրիայէն ահաբեկչական վարձկաններու ամբողջական աջակցութեամբ շղթայազերծուած յարձակումը:
«Դժբախտաբար, թշնամական արարքները կասեցնելու համաձայնութիւնը գոյացաւ ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակէն`տագնապի լուծման միջնորդութիւն կատարելու միջազգային լիազօրութիւն ունեցող միակ մարմինէն դուրս: Հայաստանի վարչապետին եւ Ռուսիոյ ու Ատրպէյճանի նախագահներուն միջեւ կնքուած համաձայնութիւնը հետեւանք է ուժի ապօրինի կիրարկման եւ ոչ թէ ՄԱԿի կողմէ նշուած ամբողջական հաւասարակշռուած բանակցութիւններու, եւ կը ներկայացնէ պատմական ժառանգութեան ու հազարամեակներէ ի վեր հայերով բնակեցուած տարածքի բռնի փոխանցում մը», իր նամակին մէջ կը նշէ մարմինը:
Լիբանանի Հայ Դատի մարմինը նամակին մէջ կը թուարկէ Արցախի մէջ հայկական մշակութային եւ կրօնական կոթողներուն հասած դիտաւորեալ վնասները` նշելով, որ անոնք կը յիշեցնեն 2005-2006 թուականներուն ատրպէյճանական բանակին կողմէ Ջուղայի մէջ հազարաւոր խաչքարերու քանդումը:
«Հայ տեղահանուածներու կացութիւնը եւս մտահոգիչ է եւ ապահովական լուրջ մտավախութիւններ կը ստեղծէ: Հայերը չեն կրնար վերադառնալ այն շրջանները, որոնք բռնագրաւուած են երկրի մը կողմէ, որ վճռած է հայերը բնաջնջել, երկիր մը, ուր հայերու սպանութիւնը վարձատրելի է, ուստի եւ քաջալերուած իրողութիւն մը, որ յստակօրէն արտացոլուած էր Ռամիլ Սաֆարովի օրինակին մէջ», կը յայտնէ Հայ Դատի մարմինը:
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի մարմինը վերոնշեալ երկիրներու կառավարութիւններուն կոչ ուղղեց` հայ մշակութային եւ հոգեւոր ժառանգութիւնը պաշտպանելու Ատրպէյճանի պետութեան կիրարկած մշակութային ցեղասպանութեան քաղաքականութենէն` ընդգծելով, որ այդ կոթողները, «որոնք այժմ Արցախի բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ են, յստակօրէն կը վկայեն, թէ այդ հողերը հայկական են: Իրողութիւն մը, որ չէ վրիպած ատրպէյճանական իշխանութիւններուն եւ անոնց ժիհատական վարձկաններուն ուշադրութենէն, ինչ որ այդ կոթողները մեծապէս կը վտանգէ»:
Լիբանանի Հայ Դատի մարմինը նաեւ կը նշէ, որ Ատրպէյճան արհեստականօրէն կը ձգձգէ դիակներու եւ պատերազմական գերիներու փոխանակման հոլովոյթը` հայ հասարակութեան մէջ անորոշութիւն եւ լարուածութիւն յառաջացնելու, ինչպէս նաեւ պատերազմական գերիներու եւ զոհերու հարազատներուն յաւելեալ հոգեբանական վնաս հասցնելու նպատակով: Ատրպէյճանցի պաշտօնատարներ եւ ընկերային ցանցերու ատրպէյճանական էջեր իրենց կարգին շարունակաբար կը հրապարակեն հայ զոհերու դիակներու հետ անյարգալից վարմունքի եւ գերիներու նկատմամբ անմարդկային, անարգական վերաբերմունքի եւ չարչարանքի գործադրութեան լուսանկարներ ու տեսերիզներ` բացայայտ կերպով ոտնահարելով Ժընեւի ուխտը եւ Միջազգային մարդասիրական օրէնքը:
«Հրամայական է, որ միջազգային ընտանիքը Պաքուն հաշուետուութեան ենթարկէ այդ բռնարարքներուն համար եւ ատրպէյճանական իշխանութիւններուն վրայ ճնշում գործադրէ այս հարցը լուծելու համար, որովհետեւ անիկա մարդասիրական հարց մըն է, որ պէտք է բոլոր մնացեալ հարցերէն առաջնակարգ նկատուի: Աւելի՛ն, Պաքուի կողմէ ատրպէյճանական-ղարաբաղեան տագնապը բացառապէս խաղաղ միջոցներով լուծելու մերժումին լոյսին տակ` Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչումը պիտի նկատուի միջազգային ընտանիքին հաւաքական ներդրումը շրջանային խաղաղութեան ու անվտանգութեան վերականգնման, եւ պայմաններ պիտի ստեղծէ մնացեալ բոլոր հարցերը բանակցութիւններու ճամբով լուծելու համար: Ուստի միջազգային ընտանիքին կոչ կ՛ուղղենք` պաշտպանելու Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման աներկբայելի իրաւունքը եւ ճանչնալու Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը», իր նամակին մէջ կը շեշտէ ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի մարմինը: