ՆԻՒ ԵՈՐՔ, «Էյ.Փի.».- Երկուշաբթի օր, Միացեալ Նահանգներու տարածքին «Քորոնա» ժահրին պատուաստումները սկսան՝ գործածելով շաբաթավերջին գործածուելու իրաւասութիւն ստացած «Ֆայզըր» եւ «Պայոնթեք» ընկերութիւններուն պատուաստը։ Առաջին պատուաստը ստացաւ Նիւ Եորքէն հիւանդապահ մը եւ իշխանութիւնները որոշած են առաջնահերթութիւն տալ առողջապահութեան մարզին մէջ աշխատողներուն եւ տարեցներուն՝ յատկապէս անոնց, որոնք տարեցներու յատուկ բնակարաններու մէջ կ՛ապրին։
Պատուաստը պիտի տրուի երկու անգամով, երկրորդը՝ առաջինէն երեք շաբաթ ետք։
Մինչ այդ, յատկապէս Գոհաբանութեան օրուան հաւաքներուն հետեւնքով, վարակումներու եւ մահերու թիւը կը շարունակէ աւելնալ Միացեալ Նահանգներու տարածքին։
Լոս Անճելըս գաւարին մէջ մահերու թիւը անցաւ 4000ի սահմանը, իսկ Միացեալ Նահանգներու տարածքին՝ 300,000ի։