ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- 13 Դեկտեմբերին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան հանդիպում ունեցաւ խորհրդարանական եւ արտախորհրդարանական կուսակցութիւններէ կազմուած «Հայրենիքի փրկութեան շարժում»ի` վարչապետի միասնական թեկնածու Վազգէն Մանուկեանին հետ:
Քննարկուեցաւ երկրին մէջ ստեղծուած իրավիճակը:
Նոյն օրը, Վազգէն Մանուկեան այցելեց նաեւ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ։
Հանդիպումին անդրադարձ կատարուեցաւ հայրենիքի իրավիճակին եւ մարտահրաւէրներուն: