ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- 13 Դեկտեմբերին Արցախի Ազգային ժողովի խմբակցութիւնները հրապարակեցին յայտարարութիւն մը, որուն մէջ կ՛անդրադառնան 11-12 Դեկտեմբերին Հատրութի շրջանի Հին Թաղեր, Խծաբերդ գիւղերու եւ քրիստոնէական Կատարօ հանրայայտ վանքին ուղղութեամբ Ատրպէյճանի զինուած ուժերուն ձեռնարկած բացայայտ յարձակողական գործողութիւններուն, որուն պատճառով կան վիրաւորներ:
«Արցախի խորհրդարանի բոլոր խմբակցութիւնները խստօրէն դատապարտում են եռակողմ յայտարարութեան դրոյթների կոպիտ խախտումը եւ յայտարարութիւնը ստորագրած երեք կողմերին յորդորում են միջոցներ ձեռնարկել իրավիճակն արագ շտկելու ուղղութեամբ եւ տեղեակ են պահում, որ նախկին բնագծերը չվերականգնելու դէպքում Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւնները պարտաւոր են լինելու կիրառել ժողովրդի ինքնապաշտպանութիւնը կազմակերպելու բոլոր հնարաւոր միջոցները:
«Մենք յայտարարութեան կողմերին եւ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբի համանախագահութեան ուշադրութիւնն ենք հրաւիրում այն փաստի վրայ, որ գրանցուած եւ շարունակուող լարուածութեան պայմաններում խիստ պահանջուած է դիտարկւում ղարաբաղեան հակամարտութեան համապարփակ կարգաւորման ուղղութեամբ ջանքերը շարունակելու անհրաժեշտութիւնը, որի գլխաւոր կէտը պէտք է համարել Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչումը՝ որպէս այս տարածքում ապրող մարդկանց ապրելու անօտարելի իրաւունքի ապահովման գերակայ պայման:
«Խմբակցութիւնները դատապարտում են նաեւ Ատրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան քայլերը, որոնք ուղղուած են Ռուսաստանի Դաշնութեան խաղաղապահ զօրախմբի գործողութիւնների արդիւնաւէտութիւնը կասկածի տակ դնելուն, եւ կոչ են անում առաքելութեան ղեկավարութեանը հասցէական գնահատական տալ գրանցուած միջադէպին եւ ամբողջութեամբ ապահովել հրապարակուած յայտարարութեան առաջին կէտից բխող բոլոր պայմանները», կ՛ըսուի յայտարարութեան մէջ: