ԵՐԵՒԱՆ.- «Հայրենիքի փրկութեան շարժում»ը Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականի պահանջով, 10 Դեկտեմբերին հանրահաւաք կատարեց կառավարութեան շէնքին առջեւ, ուր նոյն ատեն կը գումարուէր կառավարութեան նիստը:
Քաղաքացիները «Նիկոլ դաւաճան», «Հեռացի՛ր», «Հայաստանն առանց Նիկոլի» բացագանչութիւններով կը պահանջէին Փաշինեանի հրաժարականը:
Կառավարութեան շէնքին առջեւ կանգնած էին մեծաթիւ ոստիկաններ, իսկ ոստիկանութեան յատուկ ստորաբաժանումներ կը հսկէին շէնքին:
Քաղաքացիները եւ արցախեան պատերազմի խումբ մը մասնակցողներ փորձեցին մուտք գործել կառավարութեան շէնքը. անոնք դիմեցին ոստիկաններուն՝ կոչ ուղղելով՝ բանալու ճամբան։ Ցուցարարները յայտարարեցին, որ իրենք բախում չեն ուզեր, կ՛ուզեն մտնել ու այդ մարդուն բացատրել, թէ ի՛նչ տեղի կ՛ունենայ, որ երկիրը խոր ճգնաժամի մէջ է, իսկ ինք պէտք է հեռանայ: «Ձեր գերագոյն հրամանատարը յայտարարել է, որ սա ժողովրդի շէնքն է, այդ պատճառով էլ ցանկանում ենք մտնել մեր հարկերով սպասարկուող շէնք, բացատրել երկրում ինչ վիճակ է ու դուրս գալ», ըսաւ ցուցարարներէն մէկը:
Լարուած իրավիճակ ստեղծուեցաւ Տիգրան Մեծի պողոտային մէջ, ուր ցուցարարները փորձեցին փողոցը փակել: Անոնք բռնի ուժով հեռացուեցան ոստիկաններուն կողմէ, որոնք աւելի ուշ ձերբակալեցին շուրջ 42 անձեր։
Ձերբակալուածներու կարգին էին Տարօն Ղազարեան եւ ընկերները, որոնք ՀՅԴ կամաւորական վաշտերու կազմին մէջ պատերազմի գրեթէ ամբողջ ընթացքին գտնուեցան սահմանագիծին մէջ՝ պաշտպանելով Արցախի հիւսիսային սահմանները: ձերբակալուեցաւ նաեւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի նախագահ Սիմոն Սիմոնեան։
«Թերթ»ին հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի անդամ Արթուր Խաչատրեան, անդրադառնալով վարչապետին հրաժարականը պահանջող քաղաքացիները բերման ենթարկելու հարցին՝ ըսաւ, որ անոնք ուղղակիօրէն ենթակայ են Նիկոլ Փաշինեանին, հետեւաբար, ոստիկանութեան կողմէ կիրարկուած որեւէ անհամաչափ ուժ անձամբ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ կիրարկուած անհամաչափ ուժ է:
«Անթաքոյց փորձ է կատարւում մարդկանց վախեցնել եւ լռեցնել: Երիտասարդներին հաւաքում, տանում են, բաց են թողնում, բայց ցոյց են տալիս, որ ուժ են կիրառում: Մարդկանց պատրաստ են ուժի միջոցով լռեցնել, բայց այլեւս հնարաւոր չէ, մենք կանգնած ենք երկիրը կորցնելու իրական վտանգի առաջ», յայտնեց ան:
Արթուր Խաչատրեան Նիկոլ Փաշինեանին առաջարկեց երթալ Սիւնիքի սահմանամերձ դարձած գիւղերը, Ստեփանակերտ եւ տեսնել, թէ ժողովուրդը ի՛նչ կը մտածէ իր մասին: «Թող Նիկոլ Փաշինեանը հիմա գնայ Արցախ եւ իր աչքով տեսնի՝ ինչ է կատարւում, թէ՞ այլեւս Նիկոլ Փաշինեանի համար Արցախը Հայաստան չէ: Թող Լաչինի միջանցքով մի անգամ գնայ Ստեփանակերտ եւ յետ դառնայ, թող Ստեփանակերտի փողոցներում շրջի, մարդկանց հետ խօսի, տեսնի՝ ինչ կարծիք ունեն իր մասին: Թող նաեւ Սիւնիք մտնի, շրջի գիւղերում, տեսնի, որ սահմանապահներ չկան, եւ համայնքի ղեկավարներն իրենք կամաւորական ջոկատներով են սահման պահում, բա պետութիւն չկա՞յ, որ համայնքի ղեկավարներն են գնացել: Պարտուած առաջնորդը վայրկեան առաջ պէտք է հեռանայ եւ պատասխան տայ արածների համար», դիտել տուաւ Արթուր Խաչատրեան:
Ան հաստատեց, որ Փաշինեան կը վախնայ իր իսկ ժողովուրդէն, իսկ ասոր ամէնէն վառ ապացոյցը ոստիկանական ուժերուն քանի մը շարքերու մնայուն ներկայութիւնն է կառավարութեան շէնքին առջեւ. «Եթէ յայտարարում է, որ ժողովրդական աջակցութիւն ունի, այդ դէպքում ի՞նչ կարիք կայ այսքան ոստիկանական զօրքեր բերել եւ մարդկանց փորձել վախեցնել»։
Ան պատասխանեց նաեւ լրագրողիի մը հարցումին, որ կը վերաբերէր համացանցին վրայ տարածուած տեսանիւթին, որուն մէջ խորհրդարան ժամանող Նիկոլ Փաշինեանին ընկերակցող անվտանգութեան աշխատակիցը քաղաքացիներուն վրայ զէնք պարզեց ինքնաշարժի պատուհանէն՝ Արթուր Խաչատրեան ըսաւ. «Դա խայտառակութիւն է, ժողովրդի վրայ զէնք պահելը դեգրադացիայի (նուաստացման-Խմբ.) ամենացածր աստիճանն է, աւելի ցածր ընկնել ես ուղղակի չեմ պատկերացնում»։