Վարեց՝ ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Նոյեմբերին, ամերիկահայ բժիշկ Շանթ Կարապետեան անձնական նախաձեռնութեամբ Հայաստան գացած էր, մօտէն եւ գործնականօրէն օգտակար դառնալու վիրաւոր զինուորներու խնամքի եւ դարմանումի աշխատանքներուն: Այս առթիւ, հայրենիքէն իր վերադարձէն, առցանց «հանդիպում» մը ունեցանք Թենըսի նահանգի Ճեքսըն քաղաքի մէջ բնակող բժիշկ Կարապետեանի հետ, որմէ որոշ տեղեկութիւններ կը փոխանցենք մեր ընթերցողներուն:
Բայց նախ՝ ո՞վ է բժիշկ Շանթ Կարապետեանը:
Պէյրութ ծնած եւ ապա 1985ին Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի պատճառով իր ընտանիքին հետ Ամերիկա հաստատուած մեր այս բժիշկը, կրտսեր զաւակն է Լիբանանի ՀՄԸՄի տարիներու աքելլա՝ Յակոբ եւ Հալէպի Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի եւ ապա Պէյրութի Ազգ. Խանամիրեան քոլէճի վաստակաշատ ուսուցչուհի՝ Երան Ջաղացպանեան-Կարապետեաններուն: Ներկայիս բժիշկ Կարապետեան կը վարէ տնօրէնի պաշտօն (Medical Director) Թենըսիի Dyersburg քաղաքի գլխաւոր հիւանդանոցի ER՝ շտապ օգնութեան բաժնէն ներս:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ.- Ինչպէ՞ս եւ ուրկէ՞ ուր այս օրերուն՝ հայրենիք եւ Արցախ մեկնելու գաղափարը:
ՇԱՆԹ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ.- Տարիներ առաջ, Արցախի ազատագրման պատերազմին, շատ կ՛ուզէի բոլորի նման, ես ալ մասնակցիլ մեզի համար սրբազան նկատուած այդ պատերազմին: Բայց, քիչ մը շատ երիտասարդ, կը զգայի, որ նման կռուի մը մասնակից դառնալու տակաւին ֆիզաքապէս պատրաստ չէի: Երբ Սեպտեմեր 27ին անակնկալ այս պատերազմը ծագեցաւ, իբրեւ բժիշկ, անմիջապէս որոշեցի անպայման ձեւով մը օգտակար դառնալ հայրենիքիս վիրաւոր զինուորներու անմիջական խնամքին: Ու միակ լուծումս՝ Արցախ մեկնիլս էր: Այս գաղափարս յայտնեցի կնոջս, զաւակներուս եւ մօրս: Ո՛չ ոք դէմ կեցաւ: Բոլորն ալ իրենց հաւանութիւնն ու օրհնութիւնը տուին: Ուստի առաւել քաջալերուած, սկսայ մեկնումիս պատրաստութեան: Ինծի ծանօթ բժիշկներու շրջապատիս դիմեցի: Խնդրեցի: Հաւաքեցի եւ նոյնիսկ գնեցի շտապ օգնութեան յատուկ եւ բժշկական զանազան պիտոյքներ, որոնց կարգին էին՝ դեղեր, վիրակապեր, սրսկումի ասեղներ, ներարկիչներ, բժշկական հագուստներ, ձեռնոցներ, ձմրան յատուկ քնապարկեր եւ այլ պիտանի առարկաներ: Այս բոլորը մէկտեղեցի վեց մեծ տուփերու մէջ: Մէկ խօսքով վիրաւոր-հիւանդ զինուորի անմիջական կարիքը գոհացնող բժշկական պիտանի սարքեր պատրաստեցի: Անկասկած, այս մտածումներս եւ գործնական արարքներս հարազատ արդիւնք էին ընտանիքէս եւ անմիջական շրջապատէս ներս ստացած հայրենասիրութիւն կոչուած դաստիրակութեան, որուն համար ոչ միայն երախտապարտ եմ, այլ նաեւ՝ հպարտ:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ.- Ե՞րբ որոշիցիր մեկնիլ:
ՇԱՆԹ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ.- Որոշեցի Հոկտեմբերին մեկնիլ: Բայց նկատի ունենալով հիւանդանոցէն ներս ունեցած պատասխանատու պաշտօնս, պարտաւոր էի նախ զիս փոխարինող բժիշկներ ապահովել: Կ՚ուզէի արդարօրէն մօտենալ գործընկերներուս, մանաւանդ՝ շատ կարճ ժամանակամիջոցի մը մէջն էր, որ առաջարկս իրենց կը ներկայացնէի:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ.- Հայրենիքի մէջ որքա՞ն մնացիր: Որո՞նց հանդիպեցար: Ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս եւ ո՞ւր:
ՇԱՆԹ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ.- Նոյեմբեր 3ին Երեւան հասայ, երեք օդանաւ փոխելէ ետք։ Որոշած էի տուն վերադառնալ ամերիկեան Գոհաբանութեան օրէն առաջ: Բայց, երբ ամսուն 9ին պատերազմը վերջ գտաւ, որոշեցի աւելի կանուխ տուն դառնալ: Մեկնումէս առաջ կապուած էի ՀՅԴ ընկերներուս հետ եւ հաղորդած ծրագիրս։ Դասաւորելու համար մեկնումս ու հետս տանելիք ծանր ու մեծ տուփերուս մաքսային հարցերը, կապի մէջ մտած էի Ուաշինկթընի Հայ Դատի գրասենեակի տնօրէն Արամ Համբարեանի հետ: Անկեղծօրէն եւ որպէսզի հոն մէջտեղ չմնայի, հետս կը տանէի այն ամէն ինչը, որ ինծի համար էական էին, իբրեւ շտապ օգնութեան բժիշկ: Համբարեան իր կարգին, զիս կապած էր Ուաշինկթընի Հայաստանի դեսպանատան հետ: Այս վերջինը իմ այս մտադրութիւնս փոխանցած էր Հայաստանի արտաքին եւ առողջապահական նախարարութիւններուն: Այս երկուքին խնդրանքին ընդառաջելով, յանձնած էի բժշկութեան վկայականներուս օրինակները, ինչպէս նաեւ «այցելութեանս» հիմնական նպատակը բացատրած եւ միաժամանակ ներկայացուցած հետս տանելիք եւ հոն (Արցախի) հիւանդանոցներուն յանձնելիք վեց տուփերուս պարունակութեան ճշգրիտ ցանկերը: Ապա, երբ Երեւան հասայ, իբրեւ մարդասիրական օգնութիւն ցուցաբերող անձ, ուզեցի շուտով Ստեփանակերտ հասնիլ եւ օգտակար դառնալ հայրենիքիս պաշտպան զինուորներուն:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ.- Ինչպէ՞ս դիմաւորուեցար:
ՇԱՆԹ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ.- Ինծի խոստացած էին, թէ հասած ժամուս Զուարթնոց օդակայանին մէջ, արտաքին նախարարութենէն ներկայացուցիչ մը զիս պիտի դիմաւորէր եւ կարծեցի, թէ մաքսատան հարցերը արդէն առողջապահական նախարարութիւնը լուծած պիտի ըլլար: Օդակայանի պաշտօնեաները ուզեցին, որ տուփերս ձգեմ, որ ապա իրենք ուղարկեն: Խիստ եւ բացարձակապէս մերժեցի, պնդելով, որ տուփերը իմս էին եւ ես միայն գիտէի, թէ անոնց մէջ ինչեր կային եւ որու պէտք էր, որ անձամբ իրենց տեղերը յանձնէի: Այս մէկը իմ որոշումս էր: Ժամ մը ետք, արտաքին նախարարութեան ինծի հետ առընչուող պաշտօնեային դիմեցի: Եւ ահա արտօնութիւն ստացայ: Այսչափ երկար ճամբորդութենէս ետք, այս հարցը զիս իսկապէս տխրեցուց: Չյուսահատեցայ: Պատահական է, ամէն տեղ կրնայ նոյնը պատահիլ:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ.- Ապա վերջը ո՞ւր եւ ի՞նչ ըրիր:
ՇԱՆԹ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ.- Առաջին գիշերը Երեւան մնացի «Մարիոթ» պանդոկ: Ամէն ինչ իմ անձնական ծախսովս պիտի կատարէի: Ո՛չ մէկ բեռ՝ մեր պետութեան վրայ: Յաջորդ օրը, տուփերս, շտապ օգնութեան յատուկ ինքնաշարժի մը մէջ դասաւորելով, ուղղուեցայ դէպի Գորիս, ուր մնացի հինգ օր՝ Bed&Breakfast «Մոնթեպելլօ» կոչուած պանդոկը: Անկեղծօրէն չկրցայ Արցախ անցնիլ, որովհետւ ըսուեցաւ, որ ճամբաները փակ էին: Սոյն պանդոկը կը պատկանէր Տիգրան անունով անձի մը, որ այդ օրերուն Գորիսէն կը բացակայէր: Իր մայրն էր պանդոկին տիրութիւն ընողը, որ ինծի սենեակ մը տուաւ, իսկ մնացեալ սենեակներն ալ՝ իջեւանող մեր զինուորներուն: Հետաքրքրական է չէ՞, ի տես իմ «առաքելութեանս», Տիգրանի մայրը, ո՛չ անունս հարցուց, ո՛չ իսկ ինձմէ կանխավճառ պահանջեց եւ կամ «քրետի քարտ»: Ապա վերջաւորութեան, իր այնքան խնամքին եւ ինծի հանդէպ ցուցաբերած գուրգուրանքի կողքին, ան նոյնիսկ մերժեց ինձմէ եւ բոլոր իջեւանող զինուորներէն դրամ գանձել: Ամէն առաւօտ յատուկ նախաճաշ կը պատրաստէր եւ ամէն ճիգ կը թափէր, այս ձեւով իր արդար բաժինը բերելու մեծ պատերազմին: Ու ամէն անգամ, երբ այդ հայ բարեսիրտ մայրիկը յիշեմ, սիրտս ի տես հայու այս անկեղծ եւ առատ հիւրընկալութեան՝ հպարտութեամբ կը լեցուի: Հայու մաքուր նկարագիր՝ հիւրասէր եւ երախտապարտ զգացում:
Նաեւ աւելցնեմ, որ թէեւ 5 որ Գորիս էի, բայց երկու օրով ալ Վարդենիս անցայ, որովհետեւ բաւականին վիրաւոր զինուորներ հոն բերուած էին ու ինծի կարիք ունէին: Ու պատահեցաւ, որ քանի մը առիթներով ես ալ շտապ օգնութեան ինքնաշարժով հասնէի գիւղական շրջանի հիւանդներուն: Յիշեմ, որ Հայաստանի մէջ շտապ օգնութեան կարիքի պարագային, ինքնաշարժին մէջ բժիշկն ալ կընկերանայ: Բացի այս բոլորէն, ընդհանրապէս օրուան ժամերս Գորիսի զինուորական հիւանդանոցէն ներս կ՛անցնէի, ուր միայն վիրաւոր զինուորներ կը խնամէինք:
Շատ կ՚ուզէի Լաչին անցնիլ, բայց «ճամբան փակ» է կը կրկնէին: Գորիսի եւ Վարդենիսի հիւանդանոցնրուն մէջ, հետս բերած բժշկական պիտոյքները բաժնեցի: Նաեւ ըսեմ, որ Գորի եւ Վարդենի կեցութեանս շրջանին, շատ «բաներ» տեսայ: Օրինակները տակաւին մտքիս մէջ թարմ են եւ տխուր ու ցաւալի: Հոն հանդիպեցայ մեծ թիւով կամաւոր բժիշկներու, որոնք ամէն վայրկեան կը փորձէին կեանք մը փրկել: Իսկ իմ կարգիս, փորձառութենէս մեկնած, փորձեցի կարելի եղած չափով բժշկական ցուցմունք-գիտելիքներովս ուղղութիւն տալ երիտասարդ բժիշկներուն: Օգտակար դառնալ: Ըսի եւ տուի կարելիս, որովհետեւ մեր հայրենիքը, յատկապէս այս օրերուն, ծով կարիքը ունի ամէն բանի՝ բժշկական գիտելիքներէն, մինչեւ անոր տարրական սարքաւորումներուն:
Եւ երբ պատերազմը վերջ գտաւ, զգացի որ իմ մնալս աւելորդ էր: Ուստի որոշեցի վերադառնալ Երեւան եւ հոնկէ՝ Ամերիկա:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ.- Իսկ հիմա վերադարձէդ ետք ի՞նչ թելադրանք-ծրագիրներ ունիս կամ մշակած ես:
ՇԱՆԹ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ.- Ներկայիս, հայրենիքի ամբողջ տարածքին, տակաւին շատ մեծ ու մանաւանդ յարատեւ աշխատանք կայ տարուելիք: Մարդիկ հիասթափուած են պատերազմէն եւ անոր աւերէն եւ մանաւանդ այս առթիւ ստորագրուած պայմանագրէն: Զգալի եւ տեսանելի է: Միւս կողմէ հանդիպած էի մարդոց, որոնք նոյնիսկ այս համաճարակի ընթացքին, չես գիտեր ինչո՞ւ, դիմակ չէին գործածեր: Տարօրինակ մտածելակերպ: Ահա թէ ինչո՞ւ հայրենի մեր երկրի առողջապահական վիճակը կամ մակարդակը բաւականին ցած է, յատկապէս շրջաններէն ներս: Անոր համար Սփիւռք-Հայաստան կապը պէտք է աւելի ամրապնդուի եւ հիմնուի վստահութեան եւ յարգանքի վրայ: Մեր բանակը յոգնած է եւ ուժաթափ: Ամէն հայ պարտի անգամի մը համար եւ անպայման Եռաբլուր այցելել: Արդէն ամէն բան կը յստականայ:
Երեւանի մէջ հանդիպեցայ Ամերիկայէն, Ֆրանսայէն, Ռուսիայէն եւ Գանատայէն գործընկերներու, որոնց հետ կրնանք մշակել հայրենիքի առաղջապահական խնդիրներու լուծման յատուկ ծրագիրներ, անշուշտ եթէ առիթ տրուի: Այսպէս խօսեցանք, կարծիքներ կիսեցինք: Տարին անգամ մը եւ կամ այլ առիթներով Հայաստան գալ եւ դասընթացքներու հրաւիրել, եւ կամ` արտերկիր հրաւիրել բժիշկներ, վերապատրաստութեան նպատակով, յատկապէս ERի բաժնէն ներս: Կը հաւատամ, որ առանց Հայաստանի, Սփիւռքը չի կրնար գոյատեւել. իսկ միւս կողմէ ալ, առանց Սփիւռքի՝ մեր հայրենիքը: Ոչ մէկ կասկած: Իսկ գալով ներկայ իրադարձութիւններուն, յստակ է, թէ մենք զմեզ սկսած ենք իրարմէ բաժնել: Այս մէկը անընդունելի է: Մեզի վայել չէ: Այսինքն, այն ինչ որ մեր թշնամին կը ցանկայ կատարել կամ իրականացնել, մենք մեր արարքներով արդէն կը դիւրացնենք այդ գործը: Այս մէկը լաւ չէ եւ ոչ ալ ճիշդ: Պէտք է զգաստանալ: Պատերազմը եւ իր հասցուցած աւերը խաղալիք չէին: Պէտք է ամէն ճիգ թափել Մայր Հայաստանը վերականգնելու: Եւ այս մէկը անպայման կրնանք իրականացնել, մեր բոլորին միասնակամ ոգիով եւ ճիգերով: