ՎԻՆԵՆՆԱ, «ՌԻԱ Նովոսթի».- Արցախի շուրջ բանակցութիւնները պէտք է շարունակուին ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի ծիրին մէջ` իրավիճակի ամբողջական լուծման համար, յայտարարեց ԵԱՀԿի նախագահ, Ալպանիոյ վարչապետ եւ արտաքին գործոց նախարար Էտի Ռաման` ԵԱՀԿի արտաքին գործոց նախարարներու 27րդ նիստին բացման ընթացքին:
«Ուրախ եմ, որ զինուորական գործողութիւնները դադրած են: Համապատասխան պարտաւորութիւնները կատարելու ժամանակն է: Ես իմ ամբողջական աջակցութիւնը կը յայտնեմ բանակցային հոլովոյթը վերսկսելու` ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի համանախագահներու հովանիի տակ գտնուող նախաձեռնութիւններուն: Առարկայական բանակցութիւնները պէտք է շարունակուին», ըսաւ նախագահը: