ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Սիւնիքի մարզի Խոզնավար գիւղի ղեկավար Վարօ Գրիգորեան «Թերթ»ին հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին, անդրադառնալով 9 Նոյեմբերին ստորագրուած յայտարարութեամբ ստեղծուած իրավիճակին՝ յայտնեց, որ գիւղը երեք կողմէ շրջափակման մէջ է:
«Հիմա սահմանը ուղիղ գծով մի կիլոմետր չկայ, շատ մօտ է, նոյնիսկ ճանապարհով, որ իջնում ես գիւղ, 600 հարիւր մետր էլ չկայ հեռաւորութիւնը: Անտանելի վիճակ է», յայտնեց ան՝ նշելով, որ հիմա միայն կայ միայն մէկ ճամբայ, այդ ալ ատրպէյճանցիներուն կողմէ դիտարկուող տարածք է:
«Մեզ համար դա վտանգաւոր է լինելու: Գիւղը գնալով փոքրանալու է, սարսափելի վիճակ է լինելու, ո՛չ անասնապահութիւն կարող ես անել, ո՛չ էլ հողագործութիւն», յայտնեց վարչական շրջանի ղեկավարը եւ նշեց, որ հազար մեծ եղջերաւորներ ունին, իսկ հիմա հարց է, թէ զանոնք ինչպէ՛ս պիտի պահեն: «Ես բնակիչներին ասում եմ` մնացէք, մտէք զօրքի մէջ աշխատէք, ապրեք», աւելցուց Գրիգորեան: