ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Ատրպէյճանցիները պղծած են Թալիշի հայկական յուշարձանները: Այս մասին յայտնեց «Կոմերսանտ» թերթի թղթակից Գիրիլ Գրիւոշէեւ:
«Խաչքարերուն մեծ մասը ոչնչացուած է, նաեւ՝ ղարաբաղեան առաջին պատերազմին զոհուած հայ զինուորներուն յուշարձանը: Քաղաքի բնակելի տուներուն մէջ գրուած են ատրպէյճանական քաղաքներու անուններ», նշեց Գրիւոշէեւ: