ԱՖՐԻՆ.- «Սքայ Նիուզ Արապիա»ի աղբիւրներուն համաձայն, Թուրքիոյ կառավարութիւնը արաբ եւ թիւրքմեն տասնեակ ընտանիքներ Հիւսիսային Սուրիայէն տեղափոխած է Ատրպէյճանի կողմէ բռնագրաւուած արցախեան տարածքներ, որպէսզի փոխէ շրջանին մէջ ժողովրդագրական վիճակը:
«Սուրիոյ հիւսիսարեւելեան ինքնավար վարչակազմ»ի ներկայացուցիչ Շաֆան Հապուրի հաստատած է այս տեղեկութիւնները՝ նշելով, որ այն տարածքները, ուր ընտանիքները կը տեղափոխուին, քիւրտերը կը կոչեն «Կարմիր Քիւրտիստան»:
«Կարմիր Քիւրտիստան»ը ստեղծուած է 1923-ին Լենինի եւ Ստալինի կողմէ, որպէսզի Հայաստանի եւ առանձնացուած Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզին միջեւ ստեղծուի կեղծ պատնէշ՝ հայկական երկու կազմաւորումներու հետագայ վերամիաւորումը խոչընդոտելու համար: Այս կեղծ պետական կազմաւորումը, որ կ՛ընդգրկէր Բերձորը (Լաչին), կը ներառէր նաեւ Քարվաճառի եւ Քաշունիքի (Սանասար, Ղուբաթլու) շրջաններուն մեծ մասը:
Ահաբեկչական խմբաւորումներու հարցերը հետազօտող Լամար Արքանտի իր կարգին հաստատած է, որ Աֆրինի շրջաններէն ընտանիքներ կը տեղափոխուին Արցախ՝ շրջանի ժողովրդագրական իրավիճակը փոխելու համար: