ՓԱՐԻԶ, «Ա.Էֆ.Փէ.».- Փարիզ չի ճանչնար Արցախի հանրապետութիւնը, նշուած է Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած յայտարարութեան մէջ:
«25 Նոյեմբերին Ծերակոյտը որդեգրած է բանաձեւ մը, որով Ֆրանսայի իշխանութիւններուն կոչ կ՛ուղղուի ճանչնալու Լեռնային Ղարաբաղի ինքնահռչակ հանրապետութիւնը: Քուէարկութեան նախորդած քննարկումներուն ընթացքին արտաքին գործոց նախարարութեան կից պետական քարտուղար Ժան-Պաթիսթ Լըմուան յիշեցուցած է, այս առնչութեամբ Ֆրանսայի կառավարութեան դիրքորոշումը: Ֆրանսա չի ճանչնար Լեռնային Ղարաբաղի ինքնահռչակ հանրապետութիւնը», կը նշուի յայտարարութեան մէջ:
Յիշեցնենք, որ Ֆրանսայի Ծերակոյտը 305 թեր, 1 դէմ ու 30 ձեռնպահ քուէներով որդեգրեց «Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան ճանաչման անհրաժեշտութեան մասին» նախագիծը:
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը շեշտեց, որ Ֆրանսայի Հանրապետութիւնը, իբրեւ ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի համանախագահ, պիտի շարունակէ հաւատարիմ մնալ Արցախի տագնապի կայուն լուծման հասնելու ջանքերուն, «ներառեալ Լեռնային Ղարաբաղի ապագայ կարգավիճակի հարցը»։
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը նշէ, որ այսօր գլխաւոր խնդիրը պէտք է ըլլայ տագնապին պատճառով տեղահանուած անձերու անվտանգ վերադարձի ապահովումը:
«Ֆրանսա, ինչպէս նախապէս, հաւատարիմ է տագնապի կայուն լուծման հասնելուն՝ հաշուի առնելով շրջանի ժողովուրդներու անվտանգութեան եւ արժանապատուութեան յարգման պահանջները: Ֆրանսա այսուհետեւ եւս պիտի ընէ կարելին Հարաւային Կովկասի մէջ իրավիճակի կայունացման համար», նշած է նախարարութիւնը: