ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի ֆութպոլի դաշնակցութիւնը «Եու.Է.Էֆ.Ա.»էն պիտի ստանայ 2.25 միլիոն եուրօ, իբրեւ վարձատրութիւն Հայաստանի ազգային խումբին՝ «Ազգերու լիկա»ի ֆութպոլի մրցաշարքի Գ. դասակարգի Բ. խմբակին պարագլուխի դիրքը գրաւած ըլլալուն:
Ա. եւ Բ. դասակարգերուն պարագլուխի դիրքերը գրաւած կազմերը յաջորդաբար պիտի ստանան 3 եւ 4.5 միլիոն եուրօ:
Նշենք նաեւ, որ ՖԻՖԱն հրապարակեց աշխարհի ֆութպոլի ազգային խումբերուն միջազգային նոր դասաւորումը:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը, որ նախորդ ամսուան դասաւորման մէջ կը գրաւէր 101րդ դիրքը, 2 դիրքի ոստում արձանագրելով այժմ կը գրաւէ 99րդ դիրքը:
Պարագլուխի դիրքը կը գրաւէ Պելճիքա, մինչ անոր ետին կը գտնուին յաջորդաբար Ֆրանսա, Պրազիլ, Անգլիա եւ Փորթուկալ: