ՊԱՔՈՒ.- Ատրպէյճանի խորհրդարանը որդեգրած է յայտարարութիւն մը, որուն մէջ Ֆրանսայի Ծերակոյտին բողոք կը յայտնէ Արցախի վերաբերեալ բանաձեւին նկատմամբ, իսկ երկրին կառավարութեան կ՛առաջարկէ դիմել ԵԱՀԿին՝ Ֆրանսան Մինսկի խմբակի համանախագահներու կազմէն հեռացնելու համար:
Յայտարարութիւնը նաեւ կոչ կ՛ուղղէ՝ վերատեսութեան ենթարկելու Ատրպէյճանի եւ Ֆրանսայի գործող քաղաքական ու տնտեսական յարաբերութիւնները եւ խորհրդակցութիւններու համար տուն կանչելու Փարիզի մէջ Ատրպէյճանի դեսպանը:
Ֆրանսայի Ծերակոյտը ձայներու բացարձակ մեծամասնութեամբ որդեգրեց բանաձեւ մը՝ երկրի կառավարութեան կոչ ուղղելով` ճանչնալու Արցախի Հանրապետութիւնը: Բանաձեւը նաեւ կը դատապարտէ Ատրպէյճանի զինուորական յարձակումը, որ գործուած է Թուրքիոյ իշխանութիւններուն եւ օտարերկրեայ վարձկաններուն աջակցութեամբ, ինչպէս նաեւ կը պահանջէ ատրպէյճանական զինեալ ուժերն ու անոնց աջակցող կազմաւորումները անյապաղ հեռացնել Սեպտեմբերի զինուորական գործողութիւններուն սկիզբէն ետք գրաւուած տարածքներէն:
Փաստաթուղթը Ֆրանսայի կառավարութիւնը կը յորդորէ աջակցութիւն ցուցաբերելու Արցախի խաղաղ բնակչութեան, ինչպէս նաեւ նախաձեռնելու Արցախի մէջ զինուորական յանցագործութիւններու, մասնաւորաբար խաղաղ բնակչութեան դէմ յանցագործութիւններու հետաքննութեան միջազգային յանձնախումբի կազմութեան:
Բանաձեւը Ֆրանսայի կառավարութեան կոչ կ՛ուղղէ՝ բոլոր ջանքերը գործադրելու բանակցային հոլովոյթը վերսկսելու, 1994ին գծուած սահմանները ապահովելու, ինչպէս նաեւ հայ բնակչութեան անվտանգութիւնն ու տեղահանուած անձերու վերադարձի իրաւունքը ապահովելու համար:
Մեկնաբանելով Ֆրանսայի Ծերակոյտի որոշումը՝ Ատրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւ յայտարարեց, որ Պաքուն Ղարաբաղի վերաբերեալ բանաձեւը կը գնահատէ իբրեւ սովորական «թուղթի կտոր» եւ «շատ ամօթալի քայլ» Ֆրանսայի քաղաքականութեան համար, քայլ մը, որ «լուրջ հարցականներ կը յառաջացնէ ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի համանախագահ Ֆրանսայի մտադրութիւններուն առնչութեամբ»:
Հաճիեւ Ֆրանսայի կառավարութեան խորհուրդ տուած է «այդպիսի սադրիչ քայլերու անթոյլատրելիութեան մասին» պաշտօնական դիրքորոշում արտայայտել եւ բանաձեւը դատապարտող յայտարարութեամբ աջակցութիւն յայտնել Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան: