ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի 23րդ համազգային դրամահաւաք-թելեթոնին, որ կատարուեցաւ Լոս Անճելըսի մէջ՝ «Համախմբուածութիւն, ուժ, հաւատ» խորագիրով, կարելի եղաւ հանգանակել 22,990,898 տոլար:
Թելեթոնը այս տարի տեւեց միայն 4 ժամ, աւանդական 12 ժամուան փոխարէն, «նկատի ունենալով հայրենիքի մէջ ստեղծուած դժուար իրադրութիւնը եւ յարգելով հայրենիքին համար զոհուած զինուորներուն յիշատակը», կ՛ըսուի այս մասին հիմնադրամին յղած հաղորդագրութեան մէջ:
«Արցախում եւ Հայաստանում տիրող իրավիճակով պայմանաւորուած՝ Հեռուստամարաթոն 2020ի հանգանակութիւններն ուղղուելու են Արցախից տեղահանուած եւ հայրենիքի համար զոհուած զինուորների ընտանիքների աջակցմանը: Նպատակն է ֆինանսապէս աջակցել այս ընտանիքներին, շուրջ 100,000 մարդու, ապահովել բնակարաններով եւ 1 տարուայ համար անհրաժեշտ տարրական պարագաներով, ինչպէս նաեւ կազմակերպել տեղահանուած երեխաների պատշաճ կրթութիւնը», յայտնեց Հայաստան հիմնադրամի ատենապետ Մարիա Մեհրանեան:
Հաղորդագրութեան մէջ նաեւ կ՛ըսուի, որ 27 Սեպտեմբերէն սկսեալ Միացեալ Նահանգներու հայ համայնքը ամէնէն աշխոյժ մասնակցութիւնը ունեցած է հայրենիքի փրկութեան համար կազմակերպուած դրամահաւաքին եւ մինչեւ թելեթոնին օրը արդէն իսկ իսկ 80 միլիոն տոլարի նուիրաբերութիւն կատարած էր, իսկ 22 Նոյեմբերին սկսած Ֆրանսայի հեռաձայնային դրամահաւաքի ծիրին մէջ արդէն հանգանակուած է շուրջ 3 միլիոն տոլար: