ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Միջին Արեւելքէն Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի գօտի միջազգային ահաբեկչական կազմակերպութիւններու անդամներու տեղափոխումը չի կրնար լրջօրէն չանհանգստացնել Ռուսիան, որովհետեւ իրադարձութիւններու նման զարգացման հեռանկարը յղի է Անդրկովկասի մէջ ահաբեկչական նոր անկլաւի ձեւաւորմամբ:
5 Նոյեմբերին տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին այս մասին յայտնեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովա:
«Ստացուող տեղեկութիւններուն համաձայն` այս պահուն Միջին Արեւելքէն Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտի կը տեղափոխուին միջազգային ահաբեկչական կազմակերպութիւններու անդամներ, որոնց ձեռքերը թաթխուած են արեան մէջ: Խօսքը արմատական տրամադրուածութիւն ունեցող վարձկաններու մասին է. անոնք կը դաւանին ժիհատական գաղափարախօսութիւն: Այս բոլորը չեն կրնար մեզի համար լուրջ անհանգստութիւն չըլլալ, որվհետեւ հեռանկարին մէջ իրադարձութիւններու այսպիսի զարգացում յղի է ահաբեկչական նոր «անկլաւ»ի (ուրիշ երկիրով շրջապատուած հողամաս-Խմբ.) ձեւաւորումով, այս անգամ արդէն Անդրկովկասի մէջ» յայտնեց Զախարովա:
Ան աւելցուց, որ Ռուսիա այս մասին բացայայտ կերպով յայտարարած է այս գծով համապատասխան տուեալներ ունենալէ ետք։