ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի՝ 2 Նոյեմբերին ստորագրած հրամանագիրուն համաձայն, Լեւոն Գրիգորեան հեռացուեցաւ Արցախի տնտեսութեան եւ արտադրական ենթակառուցուածքներու նախարարի պաշտօնէն: Այդ նախարարին պարտականութիւնները ժամանակաւորապէս փոխանցեցան փոխնախարար Արմէն Թովմասեանին: Այս մասին տեղեկացուց Արցախի նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութիւնը:
Նախագահ Յարութիւնեանի մէկ այլ հրամանագիրով՝ վաղաժամկէտ դադրեցուեցան Արցախի Հանրապետութեան հանրային ծառայութիւնները եւ տնտեսական մրցակցութիւնը կարգաւորող պետական յանձնաժողովի նախագահ Արտակ Միրզոյեանի լիազօրութիւնները՝ անոր դիմումին համաձայն: